Արհեստագիտութեան Ակնոցով. Առաջին Լաւ Ակնարկ Մը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԲՈԼՈՐԻՆ ԱՉՔԵՐԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ԵՆ ԿՈՒԿԸԼ ԿԼԱՍԻ ՎՐԱՅ. ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ «ԽԱՂԱԼԻՔՆ» Է ԱՅՍ, ՈՐ ՊԻՏԻ ԿՐԵՆՔ ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ՎՐԱՅ ԵՒ ԶԱՅՆ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ՄԷԿ ԱՆԴԱՄԻՆ ՊԷՍ: ԿՈՒԿԸԼԻ ԱԿՆՈՑՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒԿԱՅ ԻՋՆԵԼՈՒ ԺԱՄԿԷՏԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԽՏԱՑՆՈՂ ԱՅՍ ԱԿՆՈՑՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՁԵՒՈՎ ՊԻՏԻ ԸՆԿԱԼՈՒԻՆ: ՄԻՆՉ ԱՆՈՆՑ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԱՍՏԻՃԱՆԱԲԱՐ ԾԱՒԱԼՈՂ ԹԱՓՈՎ, ԱՆԴԻՆ` ԳԻՆԵՏՈՒՆ ՄԸ ԿԱՆԽՕՐՕՔ Կ՛ԱՐԳԻԼԷ ԱՆՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԵՒ «ԷՆ. ՊԻ. ՍԻ. ՆԻՈՒԶ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵՆ, ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԵՆՔ ԿՈՒԿԸԼԻ ԱԿՆՈՑՈՎ…
Կուկըլի հիմնադիրներէն` Սերկէյ Պրին վերջերս մատներու հպումով աշխատող բջիջային-համակարգիչ հեռաձայնները (սմարթֆոն) նկարագրեց իբրեւ «ուժը ջլատող» գործիքներ: Անցեալ շաբաթ արհեստագիտական նորութիւններու սիրահարներ առաջին անգամ ըլլալով տեսան կատարելագործուած այն ակնոցները, զորս Պրին կը պատրաստուի շուկայ իջեցնել` փոխարինելու համար սմարթֆոնի տեսակները: Արհեստագիտական բարձրագոյն մակարդակի համակարգչային այս գործիքը պիտի արժէ 1500 տոլար:
Անցեալ երկուշաբթի Թեքսասի մէջ Սաութ պայ Սաութուեսթ արհեստագիտական փառատօնին ընթացքին Կուկըլի աւագ ներկայացուցիչ Թիմըթի Ճորտըն տուաւ առաջին մանրամասն բացատրութիւնը Կուկըլ Կլասի մասին: Համացանցի վրայ տեղեկութիւններ փնտռելու ծառայող հսկայական ընկերութեան անհամբեր սպասուած ակնոցն է այս, որուն աջ աչքի ապակիին անկիւնին վրայ զետեղուած է թուային տեղեկութիւններ ցոյց տուող պաստառ մը:
Յունուարին 39 տարեկան Պրին Նիւ Եորքի գետնուղիներուն մէջ լուսանկարուած էր Կուկըլ Կլասը աչքին, ինչ որ մտածել տուած էր, թէ այս ակնոցը «մարմնին վրայ կրելու յարմարութեամբ օժտուած» գործիքներու նոր շառաւիղի մը նախատիպն էր: Ան առաջին անգամ 2012-ի մայիսին համագումարի մը առիթով ցուցադրած էր Կուկըլ Կլասի նախնական մէկ տարբերակը:
Թեքսասի Սաութ պայ Սաութուեսթ արհեստագիտական փառատօնին ընթացքին կատարուած ներկայացումը մաս կը կազմէր այս տարուան վերջերուն ակնոցը շուկայ իջեցնելու նախապատրաստական ծրագիրներուն: Անոնք, որոնք իրենց կամքով ենթարկուած էին այս ակնոցներուն առաջին փորձարկութիւններուն, իսկոյն պիտի ստանան ակնոցին առաջին արտադրութիւնները, մինչ կ՛ակնկալուի, որ յաճախորդներ կարենան զանոնք գնել 2013-ի աւարտէն առաջ:
Կուկըլ Կլաս կը ղեկավարուի ձայնային հրահանգներով, ինչպէս նաեւ` հպումներով հրահանգ փոխանցող գործիքով մը, որ զետեղուած է ակնոցին մէկ թեւին վրայ եւ կը պարունակէ մանրակերտ համակարգիչի մը գործող մասերը: Աջ քունքին մօտ գտնուող գործիքին վրայ մատը թեթեւ հարուածելով եւ սահեցնելով` Ճորտըն խանդավառօրէն կը շեշտէր, թէ ակնոցը չի շեղեր զայն կրողին ուշադրութիւնը: «Կարեւորը այն է, թէ անիկա ներկայ է, երբ պէտք ունիք անոր եւ արգելք չէ, երբ պէտք չունիք», կ՛ըսէր Ճորտըն:
Ակնոցին ներկայացումին առիթով համակարգիչի ծրագիրներ պատրաստող մասնագէտներ առաջին անգամ ըլլալով առիթ ունեցան տեսնելու ակնոցին համակարգչային սարքին ներքնամասը կամ հայելին, ուր տեղադրուած են ծրագիրները: Զայն ճանչնալով` մասնագէտներ այժմ կրնան պատրաստել համակարգչային այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կ՛օգտագործեն Կուկըլ Կլասի գործելու իւրայատուկ եղանակը: Զայն գործածողները կրնան մէկ պաստառէն միւսը անցնիլ եւ մէկ գործողութենէն միւսը` բանալով «քարտեր», որոնք կ՛ընդգրկեն թուայնացած ձեւով կարդալու եւ գրելու հարուստ կարելիութիւններ, նկարներ եւ տեսերիզներ: Քննադատներ, որոնք դիտած են ակնոցին ներկայացումը, լաւ տրամադրուած են արհեստագիտական այս նորութեան նկատմամբ: Արհեստագիտական ամէնէն մակարդակաւոր լրատուամիջոցը` «ԹեքՔրանչ» կը գրէր, թէ համակարգչային ծրագիրներ պատրաստողներ «շատ դիւրութեամբ» նոր ծրագիրներ պիտի կարենան մշակել Կուկըլ Կլասի համար:
Ճորտըն հանդիսատեսներուն ցոյց տուած է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լուսանկարել Կուկըլ Կլասով: Ան ցոյց տուած է նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Կուկըլի ե-նամակի սպասարկութիւնը` Ճիմէյլը, ձայնային հրահանգներու ենթարկուելով, կը գործէ ակնոցին վրայ: Միւս կողմէ, եթէ կը փափաքինք «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» կարդալ, ապա ակնոցին պաստառին վրայ կը տեսնենք յօդուածի մը վերնագիրը, հեղինակին անունը եւ պաստառին վրայ անոր հրատարակութեան ժամը:
Այսուհանդերձ, Կուկըլ չի փափաքիր ակնոցը գործածողները ծանրաբեռնել տեսողական տեղեկութիւններու տարափով: Փոխանակ ամբողջ յօդուած մը զետեղելու պաստառին վրայ` անիկա առիթ կու տայ, որ ակնոցը կրող անձը լսէ յօդուածին բարձրաձայն ընթերցանութիւնը: Ակնոցին կապուած ականջի գործիքը ձեւագծուած է այնպէս, որ զայն կրողը կարենայ տեսնել եւ լսել, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ իր շրջապատին մէջ: Հետեւաբար, ի տարբերութիւն ականջի բարձրախօսներու, անոր ձայնային համակարգը հիմնուած է անցեալին լսողութեան ծառայող գործիքներու յատուկ արհեստագիտութեան մը վրայ, որ թրթռացող սարքի մը միջոցով ձայնը գանկին մէջէն կ՛առաջնորդէ դէպի ներքին ականջ:
Արդէն Արգիլուած…
Կուկըլ Կլասի շուրջ ստեղծուած աղմուկը ընդհանրապէս դրական է, թէեւ Սիաթըլի մէջ գինետուն մը, իբրեւ նախազգուշական միջոցառում, իր յաճախորդներուն արգիլած է զայն կրել կառոյցի տարածքին: «Տը 5 փոյնթ» գինետան սեփականատէր CNET.com ընկերութեան համաձայն, «իր խաթարուած եւ թերեւս տխրահռչակ» հաստատութեան յաճախորդները «այն տեսակի մարդիկ չեն, որոնց համար հարց չէ գաղտնաբար լուսանկարուիլ կամ նկարահանուիլ եւ անմիջապէս տեղադրուիլ համացանցի վրայ»:
«Տը 5 փոյնթ» Դիմատետրի իր հասցէին մէջ հետեւեալ գրութիւնը տեղադրած է. «Պատմութեան համար նշենք, թէ «Տը 5 փոյնթ» առաջին հաստատութիւնն է Սիաթըլի մէջ, որ սկիզբէն կ՛արգիլէ Կուկըլ Կլասի գործածութիւնը: Պիտի քաջալերենք խոշտանգումը այս օրէնքը բռնաբարողներուն»:
Ինչո՞ւ «Տը 5 փոյնթ» հաստատած է այս արգելքը:
«Ես գաղափարի առաջնորդ եմ,- կը կատակէ ընկերութեան սեփականատէրը` Տէյվ Մայնըրթ, խօսելով «ԿիքՈւայր Նիուզ»-ի Լիւք Պըրպենք յայտագիրէն:- Նախ պէտք է հասկնալ «Տը 5 փոյնթ»-ի մշակոյթը»:
Ան կ՛ընդունի, թէ ինչ որ կ՛ըսէ, մասամբ կատակ է, պարզապէս կը ծառայէ խնդուք ստեղծելու Դիմատետրի վրայ եւ հակազդեցութիւններ ստանալու: Սակայն մասամբ նաեւ լուրջ է, որովհետեւ` «թոյլ չենք տար, որ մարդիկ գինետան մէջ նկարեն ուրիշները, երբ անոնք չեն փափաքիր նկարուիլ, եւ որովհետեւ ասիկա հանրային վայր մը չէ, ուր մարդիկ կու գան»:
Մայնըրթ կը նշէ, թէ «Տը 5 փոյնթ» կը գտնուի համացանցի վրայ առեւտրական գլխաւոր շուկային` Ամազոնի կեդրոնին մօտ եւ կ՛ընդունի, թէ արհեստագիտութեան «ուղեղներ» կը յաճախեն գինետունը: «Մեզի համար հարց չէ, եթէ մէկը կը փափաքի կրել այս ակնոցը: Պարզապէս չենք փափաքիր, որ զայն կը կրէ գինետան մէջ», կ՛ըսէ ան:



