Միջինքի Հաւաքոյթ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Սրահին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, երեքշաբթի, 5 մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական միջինքի հաւաքոյթը:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Լուսին Պարամաքեան: Ան շեշտը դնելով վեհափառ հայրապետին կողմէ 2013 տարին Հայ մօր տարի հռչակումին վրայ` հաստատեց, որ հայ մայրը եղած է տիպար, համեստ, քաջասիրտ եւ մանաւանդ` աստուածավախ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը քաջալերած ըլլալնուն համար:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին երգ եւ ասմունք, նաեւ Սեւան Սարգիսեան` ասմունք, Թալին Շահինեան` երգ եւ Տինա Տեմիրճեան` երգ:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց սրբազան հայրը: Ան խօսելով միջինքի եւ Մեծ պահքի ժամանակաշրջանին մասին` բացատրեց, որ Մեծ պահքը ինքզինք զրկել չէ, այլ կամքը եւ լեզուն զսպել է, աւելցնելով, որ մարդ արարածը եթէ ինքզինք ուտելիքէ զրկէ եւ զսպէ, մէկու մը օգտակար եղած չ՛ըլլար, իսկ երբ լեզուն զսպէ, բոլորին օգտակար կ՛ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES