«Կարտինալ Աղաճանեան Տան» Անդամները Այցելեցին Զմմառու Վանք
Ուրբաթ 8 Մարտ 2013-ին, Այնճարի Կարդինալ Աղաճանեան Տան 35 անդամներ, գլխաւորութեամբ կեդրոնին տնօրէն` Տէր Ալիշան Աբարթեանի և իր աշխատակազմին, բարձրացան Զմմառու դարաւոր վանքը, կառուցուած 1749 թուին:
Անոնք մօտէն ծանօթացան վանքին հնամենի պատմութեան եւ յատկապէս հրաշագործ Տիրամօր հրաշքներուն, այցելեցին զանազան բաժինները, յատկապէս` նոր եւ հին թանգարանը, մատենադարանը, գինեմառանը իր նորոգուած բաժիններով: Ապա նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Նորընծայարանի շէնքը, որ այս տարի կը յիշատակէ իր կառուցման 50-ամեակը (1963): Այս այցելութեան նպատակներէն մին էր արթնցնել տարբեր տարիքի այս տղոց մէջ քահանայական կեանքի սէրը:
Միաբանութեան հայրեր` մօտիկ եւ մտերմիկ զրոյցներով խօսեցան Հայ Կաթողիկէ դարաւոր վանքին արժէքներն ու գոյութեան կենսականութեան մասին:
Այդ բոլորին կողքին տեղի ունեցաւ կոչումներու մասին հակիրճ զրոյց մը:
Բացառիկ կլիմայի մը մէջ, մաքրամաքուր բնութեան ծոցը հաճելի պահեր անցուցին մեր սիրելի սաները եւ վերադարձան սիրելի Զմմառու վանքը աւելի մօտէն ճանչցած: Լիայոյս ենք, որ Աստուած այս աշակերտներէն նոր վարդապետներ յարուցանէ եկեղեցւոյս ծառայութեան համար:

