Հալէպին`. Քաղաքս` Քեզ Միշտ Պիտի Փնտռեմ

Լ.Ա.Ս.

Այսօր քեզի հետ կ՛ուզեմ խօսիլ սիրոյս մասին
Ու յայտնել զգացումներս, որոնք քեզմէ գաղտնի պահած էի:
Կ՛ուզեմ քեզի համար երգել, հակառակ անոր որ երգել ալ չեմ գիտեր:
Կ՛ուզեմ նաեւ փնտռել կորսուած գեղեցկութիւնդ.
Սակայն փնտռտուքս կ՛արգիլէ զիս զրուցել,
Նոյնիսկ` բառ մը արտայայտել:
Բայց ըսեմ` քեզ կը սիրեմ … եւ քեզ միշտ պիտի փնտռեմ,
Ինչպէս անձս` քաղաքիս մէջ:

Ըսին` երէկ ռումբ մը ինկած է դպրոցի մը վրայ,
Եւ այսօր ալ ինքնաշարժ մը պայթած է եւ` շէնք մը փլած:
Ըսին, թէ անմեղներու արիւնը կրկին հոսած է առատօրէն:
Ըսին նաեւ, թէ սպաննած են մեր թաղի փռապանը
Ու կողոպտած` մեր շուկայի բոլոր խանութները:
Բայց ըսեմ` քեզ կը սիրեմ… եւ քեզ միշտ պիտի փնտռեմ,
Նոյնիսկ եթէ փնտռտուքս դառնայ լոկ երեւակայութիւն,
Ինչպէս անձս` քաղաքիս մէջ:

Գիտեմ, որ չար մարդիկ ուրախութիւնդ գողցած են
Ու վիշտերուդ բոցերովը այրած են զաւակներուդ սիրտերը:
Երէկ արեւելեան շրջանդ լաց եղած էր երիտասարդի մը սպանութեամբ, իսկ
Այսօր արեւմտեան կողմդ ողբ` նորահարսի մը գնդակահարումով:
Բայց ըսեմ` քեզ կը սիրեմ… եւ քեզ միշտ պիտի փնտռեմ,
Նոյնիսկ եթէ փնտռտուքս քու հետքդ չգտնէ,
Ինչպէս անձս` քաղաքիս մէջ:

Ի՞նչ կ՛ուզես` ըսեմ քեզի, սիրոյս դիցուհին,
Երբ ամիսներէ ի վեր բառերս բերնիս մէջ քարացած են:
Փամփուշտներու մահացու ձայները լռեցուցած են երազներուդ փսփսուքները,
Փողոցներդ լեցնելով դժբախտութեամբ ու ողբով,
Ու բազմապատկած` զաւակներուդ վիշտերը:
Բայց ըսեմ` քեզ կը սիրեմ… եւ քեզ միշտ պիտի փնտռեմ,
Նոյնիսկ եթէ փնտռտուքս տարիքս մաշեցնէ,
Ինչպէս անձս` քաղաքիս մէջ:

Առեւանգումները դարձած են մահացու ահաբեկում:
Ու ես ալ քեզի պէս կորսուած եմ:
Գիտեմ, անխնայ կերպով ջարդուած են հազարաւոր որդիներդ ու նոյնիսկ
Պարտէզներուդ զեփիւռն անգամ, որ յաճախ վարդերուդ բոյրովը կը խաղար,
Ռումբերու ծուխերուն մէջ խեղդուած է:
Բայց ըսեմ` քեզ կը սիրեմ… եւ քեզ միշտ պիտի փնտռեմ,
Նոյնիսկ եթէ փնտռտուքս շնչահեղձ ըլլայ փլատակ պատերուդ տակ,
Ինչպէս անձս` քաղաքիս մէջ:

Անծանօթներ գողցած են առաւօտեան գեղեցկութիւնդ
Եւ դարձեալ արիւններու մէջ խեղդած են պատմութիւնդ,
Հոգիիդ շարականներու մեղեդիներուն հետ:
Զաւակներէդ շատեր գաղթած են սարսափահար,
Ու փողոցներդ դարձած են ամայի, գարշահոտ ու փլատակ:
Բայց ըսեմ` քեզ կը սիրեմ… եւ քեզ միշտ պիտի փնտռեմ,
Նոյնիսկ եթէ փնտռտուքս մնայ անյոյս ու վշտալի,
Ինչպէս անձս` քաղաքիս մէջ:

 

Արաբերէնէ թարգմանեց` ՊԵՏԻԿ

 

Share this Article
CATEGORIES