Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աբրահամ` Հայր Հաւատացողներուն» (2)

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, Աբրահամ նախահայրը ներկայ է Հին եւ Նոր կտակարաններուն մէջ: Աբրահամ ոչ միայն սուրբգրային ու պատմական անձնաւորութիւնն է իր կեանքով եւ գործով, այլ նաեւ մահէն ետք իր հաւատքին շնորհիւ եւ իր ներշնչող ներգործութեամբ, դարերու ընթացքին մնաց տիրական կերպար մը Աստուածաշունչին մէջ:

Այս իրողութեան արտաքին կամ գրական ապացոյցն այն է, որ Աբրահամ Հին կտակարանին մէջ կը յիշուի 210 անգամ, իսկ Նոր կտակարանին մէջ անոր անունին կը հանդիպինք 69 անգամ:

Աբրահամ հրէական աւանդութեան մէջ: Հրեաները կը հռչակեն Աբրահամն իբրեւ կործանիչը իրենց հօրենական չաստուածներուն: Բանական պատճառաբանութեամբ, ան կրցաւ եզրակացնել միայն մէկ եւ անպատկերելի Աստուծոյ գոյութեան: Այս նախապայմանն էր, որ ապագային կրցաւ ունենալ հանդիպումներ Տիրոջ հետ:

Աբրահամ անցորդներն ու պանդուխտները ոչ միայն կը հիւրասիրէր, այլ նաեւ կը մատնանշէր զանոնք Աստուծոյ, որ միակ Արարիչը եւ Տէրն է: Այսպէս, Աբրահամ կը հանդիսանայ հաւատքի հայրը նորադարձներուն եւ նորահաւատներուն, եթէ ո՛չ` արար աշխարհին ու ամբողջ մարդկութեան:

Աբրահամ արդէն կը լրացնէ բոլոր գալիք պատուիրանները: Տիրոջ երեք պատուիրակներուն անոր ըրածը կը նպաստէ անապատին մէջ ճանապարհորդ իր Իսրայէլ ժողովուրդին` Աստուծոյ համապատասխան բարիքներով:

Աբրահամ նահապետին մասին կը խօսին երկու հրէական անկանոնական կամ անվաւերական գրութիւններ, որոնց առաջինն է «Աբրահամի յայտնութիւն»-ը: Հրէական-քրիստոնէական շրջանակին մէջ վերամշակուած եսսենական գրութիւն է առաջին դարէն, որ կը նկարագրէ Աբրահամի դարձը կռապաշտութենէն եւ ընտրութիւնը: Ընդհանուր ակնարկով, Աբրահամ եօթներորդ երկինքէն կը դիտէ ամբողջ աշխարհին պատմութիւնը, որ, սակայն, ի վերջոյ կ՛աւարտի արդարօրէն:

Երկրորդ գրուածքն է «Աբրահամի կտակարանը», որուն հեղինակը եբրայերէն բնագրին վրայէն յունարէն շարադրած է իր մատեանը: Կը պատմէ մահուան հրեշտակին` Միքայէլի այցելութիւնը` տրուած Աբրահամին, ինչպէս ալ երկրորդին ուղեւորութիւնը` դրախտին մէջ: Աստուած կը փափաքի մարդկային վճիռ մը Աբրահամի մասին: Աբէլ կը հանդիսանայ անոր երկնային դատաւորը:

Հրէական դիցաբանութեան մէջ ալ Աբրահամ հերոս է, որ Նիմրոտ բռնաւորին հետ կը կռուի, բայց անկէ կը նետուի կրակարանին մէջ: Նիմրոտ, որ որսորդութեան բաբելոնական չաստուածին` Նինուրթայի անունէն ու պաշտօնէն եկած է, խորհրդանիշն է ինքնակալ եւ աստուածընդդէմ մարդուն, հրակեր ուզեց ընել Աբրահամը, քանի սա հակառակ էր կուռքերու պաշտամունքին ու ծառայութեան:

Աստուած, սակայն, որ իր խօսքին համաձայն ու հաւատարիմ է միշտ, թէ` «Ես քեզ առաջնորդեցի Ուրէն (=կրակէն) դէպի Քաղդէա», ազատեց Աբրահամը բովէն: Աւանդապատում այս դրուագին յարակցութեան մէջ կը դրուի Դանիէլ մարգարէին երեք բարեկամներուն` Սեդրաքի, Միսաքի եւ Աբեդնագովի ազատումը բոցավառ հնոցէն (Դան. 3,1-100):

Հրէական աւանդութեան մէջ կը հռչակուի Աբրահամ թէ՛ իբրեւ «բարեկամ» ու «խորհրդատու» Տիրոջ եւ թէ՛ իբրեւ բարեխօս մարդերուն, որ հրաշագործ թանկագին քարով մը կը բուժէ հիւանդները:

Աբրահամ, որ յաջողեցաւ բոլոր հաւատաքննութիւններէն, իր այս հոգեմտաւոր հանգամանքով մեծ դեր մը կը խաղայ նաեւ հրէական իմաստասիրութեան մէջ: Փիլոն Աղեքսադրացիին (13 Ք.Ա. – 45/50 Ք.Ե.) համար Աբրահամ վկան է այն դրութեան, որ բանականութիւնը ենթակայ է հաւատքին: Եհուտա Հալեւի (1075-1141) փիլիսոփային տեսութեամբ` Աբրահամին մէջ կը դրսեւորուի մասնաւոր շնորհքը հրեաներուն` ապրելու Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ: Աբրահամ առաջինն էր, որ փնտռեց բնութենէն ճանչնալ աստուածային Էակը: Այսպէս, Մովսէս Մայմոնիտեսի (1153-1204) համար Աբրահամ կը հիմնաւորէ «ստեղծագործութիւնը ոչինչէն», ինչպէս նաեւ Աստուծոյ գոյութիւնը` բանականութենէն:

Աբրահամ մահմետական աւանդութեան մէջ: Իսլամը կ՛ընդունի Աբրահամը (Իպրահիմ) իբրեւ մարգարէ, որ կրողն է մաքուր աստուածապաշտութեան (հանիֆ) եւ բարեկամը` Աստուծոյ (խալիլ ալլահ): Իսմայէլի հետ շինեց Քաապան Մեքքէի մէջ` իբրեւ կեդրոնական ուխտատեղի ու վայր զուտ միաստուածեան հաւատքին:

Նոյնիսկ իսլամը կը հասկցուի իբրեւ կրօնն Աբրահամին, որուն մասին կը պատմուի Քուրանի 25 գլուխներու մէջ. այսպէս, Մովսէսէն ետք, Քուրանի մէջ ամէնէն աւելի կը յիշուի Աբրահամ` միւս սուրբգրային դէմքերէն: Բազմաթիւ, նաեւ հրէական աղբիւրներէն օգտագործուած յետքուրանեան գրութիւններ Աբրահամի մասին կը զարդարուին մասամբ երեւակայական մանրամասնութիւններով:

Օրինակի համար` կը պատմուի Աբրահամի եւ հեթանոս Նիմրոտ թագաւորին միջեւ եղած ոխերիմ մրցակցութեան մասին: Կռապաշտութեան դէմ կռիւի ընթացքին Աբրահամ տապարով կը կտրէ առաջինին ձեռքը, երկրորդին` ոտքը եւ երրորդին` գլուխը: Ամբաստանուելով` կը նետուի կիրի հնոցին մէջ, բայց քանի մը օր ետք կ՛ազատի բոլորովին անաղարտ եւ անվնաս: Նիմրոտ կը պարտուի, եւ յաղթական Աբրահամ կը մտնէ Պաղեստին:

Օրինակի համար` յարութեան օրը, Աբրահամ պիտի նստի ալլահի ձախակողմը եւ պիտի առաջնորդէ աստուածավախ բարեպաշտները դէպի եդեմը:

 

Այնճար, 10 մարտ 2013                        

 

Share this Article
CATEGORIES