Քոսովոյի Անկախութիւնը Ճանչցած Է 99-րդ Երկիրը

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ հարաւային ամերիկեան Կայանան դարձած է Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցող 99-րդ երկիրը:

Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «Կայանայի դիւանագիտութեան ղեկավար Քարոլին Ռոտրիկես-Պիրքեթ Քոսովոյի վարչապետ Հաշիմ Թաչիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատած է, որ այդ երկրին կառավարութիւնը Քոսովոյի անկախութիւնը ընդունելու որոշում որդեգրած է»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղ ունենալու համար յաւելեալ 30 պետութիւններ պէտք է Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչնան: Ատկէ բացի, զայն պէտք է ճանչնան նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր մնայուն անդամները:

Քոսովօ Սերպիայէն անկախացած էր փետրուար 2008-ին:

Share this Article
CATEGORIES