Նոր Պապը «Աղքատ Եւ Աղքատներու Համար» Եկեղեցի Մը Կ՛ուզէ
Նորընտիր Ֆրանչիսկոս Ա. պապը Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր հաւատացեալներուն ներկայութեան կատարեց «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքը եւ օրհնութիւնը: Ան նաեւ փոխան գրաւոր քարոզի մը, յանպատրաստից խօսեցաւ Աստուծոյ ներողամտութեան ուժին մասին:
Ան իբրեւ պապ իր կիրակի օրուան առաջին պատարագը կատարեց Վատիկանի փոքր եւ պարզ ծխական եկեղեցւոյ մէջ` Ս. Պետրոս տաճարին փոխարէն: Նախքան եկեղեցի մուտք գործելը, ան ողջունեց Վատիկանի դարպասներուն մօտ հաւաքուած եւ իտալերէնով «Ֆրանչեսքօ» բացագանչողները: Պատարագի աւարտին ան ծխական քահանայի նման ողջունեց եկեղեցիէն հեռացողները` անոնցմէ խնդրելով «ինծի համար աղօթեցէք»: «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքը կատարելէ քանի մը վայրկեան ետք, ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց. «Սիրելի՛ բարեկամներ, ամբողջ սրտով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ ձեզմէ կը խնդրեմ, որ շարունակէք ինծի համար աղօթել: Ֆրանչիսկոս պապ»:
Շաբաթ օր Վատիկանի Պօղոս Զ. սրահին մէջ հազարաւոր լրագրողներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Ա. սրբազան քահանայապետը շեշտեց, որ ինք կ՛ուզէ «աղքատ եկեղեցի մը` աղքատներու համար»:
Ան ըսաւ, թէ ինչո՛ւ Ֆրանչիսկոս անունը ընտրած է: Պապը պատմեց, որ ընտրութեան ժամանակ իր ընկերը` պրազիլացի կարտինալ Քլաուտիօ Հումես իրեն ըսած է. «Ս. Ֆրանչիսկոս Ասիզացին աղքատ եղած է եւ օգնած կարիքաւորներուն: Ան եղած է խաղաղութեան մարդ, որ սիրած է զԱստուած: Սակայն այժմ մենք Արարիչին հետ այդպիսի կապուածութիւն չունինք»: «Ան զիս գրկեց, համբուրեց եւ ըսաւ, որ չմոռնամ աղքատներուն մասին: Ապա՛ այդ պատճառով ինծի հաճելի եկաւ անունը Ս. Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի, որ իր կեանքը նուիրած է աղքատներուն եւ Արարիչի խօսքը տարածելուն», բացատրեց Ֆրանչիսկոս Ա. պապը:
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ նորընտիր պապը 23 մարտին ուղղաթիռով պիտի մեկնի Քասթելկոնտոլֆօ ամառնային հովոցը, ուր կը գտնուի Պենետիկտոս ԺԶ.ն, եւ անոր հետ հանդիպում պիտի ունենայ: Ան չորեքշաբթի օր արդէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր նախորդին հետ:


