«Բանակցութիւններն Ու Դիւանագիտական Լուծումները Սուրիոյ Տագնապէն Դուրս Գալու Լաւագոյն Միջոցներն Են» Կ՛ըսէ Մեհմանփարասթ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Իրան անցեալ տարուան ընթացքին Սուրիոյ տագնապի լուծման վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիր մը ներկայացուց` ընդգծելով, որ բանակցութիւններն ու դիւանագիտական լուծումները սուրիական տագնապէն դուրս գալու լաւագոյն միջոցներն են:
Ան ըսաւ, որ բազմաթիւ երկիրներ կը հետեւին սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման Իրանի ջանքերուն` նշելով, որ Ահմետ Մաազ Խաթիպի ղեկավարած սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը յայտարարած է, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար պատրաստ է իրանցի եւ սուրիական կառավարութենէն պաշտօնատարներու հետ բանակցելու:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական փոխանցման կառավարութեան շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, եւ Ազգային համաձայնական մարմինը այսօր Պոլսոյ մէջ ժողով մը կը գումարէ` վճռելու համար ճակատագիրը այդ կառավարութեան, որուն ղեկավարութեան համար 12 թեկնածուներ գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ ըստ տեղեկութեանց, տնտեսագէտ Ուսամա Քատի եւ հողագործութեան նախկին նախարար Ասաատ Մուսթաֆա այդ պաշտօնին տիրանալու գլխաւոր թեկնածուներն են, սակայն Ազգային համաձայնական մարմինէն աղբիւրներ օրաթերթին պնդած են, որ մարմինի մարդասիրական օժանդակութեանց յանձնախումբի նախագահ Ղասսան Հայթօ եւս ուժեղ թեկնածու մըն է:
Աղբիւրները նաեւ նշած են, որ այդպիսի կառավարութեան մը կազմութիւնը կրնայ մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի հրաժարականին առաջնորդել, որովհետեւ կառավարութեան կազմութիւնը կը սպաննէ վարչակարգին հետ բանակցութեան դուռը բաց պահող փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան յոյսը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ ծովուժը երէկ յայտարարեց, որ 6 մարտանաւերէ բաղկացած նաւատորմիղ մը մնայուն կերպով Միջերկրական ծովուն մէջ պիտի մնայ` «պաշտպանելու համար Ռուսիոյ ազգային շահերը»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ռուսական ծովուժի հրամանատար ծովակալ Վիքթոր Չիրքով յայտնած է, որ յածանաւերէ եւ գումակային նաւերէ բաղկացած այդ ուժը պիտի գործէ Սեւ ծովու նաւատորմիղի հրամանատարութեան տակ:


