Ռուսական Ծայրայեղ Պահպանողական Խմբակ Մը Կը Պահանջէ Վերատիրանալ Ալասքային

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական ծայրայեղ պահպանողական Փշիոլքի խմբակը դատական հայց յարուցած է` պահանջելով, որ Ռուսիա Միացեալ Նահանգներէն վերատիրանայ Ալասքային, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա միասեռականներու ամուսնութիւնը արտօնած է:

Ըստ խմբակին, 1867-ին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ալասքան Ռուսիայէն գնելը ապօրինի է, որովհետեւ, ըստ համաձայնութեան, Միացեալ Նահանգներ պէտք էր ոսկիէ դրամներով վճարէր, սակայն 7.2 միլիոն տոլարի չեք մը գրած է, իսկ այդ գումարը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, եթէ տոլարի ներկայ գինը նկատի առնուի:

Խմբակը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ միասեռականներուն ամուսնանալու արտօնութիւն տալու Օպամայի քայլը կրօնական ազատութիւնը կը բռնաբարէ Ալասքայի մէջ բնակող շուրջ 50 հազար ուղղափառ քրիստոնեաներուն, որոնք «բնական վարմունքի դէմ մեղքը երբեք պիտի չընդունին»:

Share this Article
CATEGORIES