Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ, հետեւաբար ապահովական կառոյցները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն` լուծելու համար տիրող անարդար կացութիւնը:
ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ժամանակաւոր վարչապետ Մարին Ռայքով յայտնեց, որ Պուրկասի զբօսաշրջական համալիրին մէջ արձանագրուած պայթումին հարցով Պուլկարիա չ՛ուզեր ամբաստանել Հըզպալլան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին նեցուկ կանգնելով, ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին յուսախաբ չէ դարձուցած: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարելու` զայն նկատելով անխիղճ նախարարաց խորհուրդ մը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր, որ ան ունենայ դէպի Սուրիա զէնքի ու զինամթերքի մաքսանենգումի անցքեր կամ զինուորական ապօրինի կեդրոններ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Հըզպալլա կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ Ժապալ Մըհսեն 15 քիլոմեթր հասողութեամբ «Կրատ» տիպի հրթիռներ, ինչպէս նաեւ հրասանդի հրթիռներ ունի, որոնք գնուած են Պատտաուի գաղթակայանէն:
ԹԸՊՊԱՆԷԻ Սթարքօ հրապարակին վրայ անցեալ շաբաթավերջին անծանօթներ նետեցին ռումբ մը, որ պատճառեց նիւթական վնասներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իրան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանին տիրելու եւ զայն վերածելու Սուրիոյ համազօր երկրի մը, որ կը ղեկավարուի իր հրահանգով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի կոչ ուղղեց գումարելու խորհրդարանական նիստ մը եւ վաւերացնելու ընտրական որեւէ օրէնք:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ անճիշդ եւ անարդար օրէնքի մը հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը նախընտրելի է, քան` այդ ընտրութիւններուն յետաձգումը կամ չեղեալ յայտարարուիլը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ խորհրդարանի նստաշրջանին երկարաձգումը խորհրդարանի նոր նստաշրջան մըն է, որ կը պահանջէ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է պահպանէ երկրին սահմանները, իսկ սուրիական վարչակարգին գոյութիւնը արդէն իսկ վերջ գտած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ քրիստոնեայ քաղաքացին գոյութիւն ունի եւ իբրեւ այդպիսին ան իր իրաւունքներուն պիտի արժանանայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Դամասկոս ոչ մէկ առիթ պիտի փախցնէ Սուրիոյ տագնապը Լիբանան փոխադրելու առումով: Այդ աղբիւրները կոչ ուղղած են Լիբանանի կառավարութեան կառչած մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան»:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներ տեղակայուած են լիբանանեան հողերու վրայ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ, շէյխ Ահմետ Ասիր վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ եւ անոր բողոքած մզկիթին եւ իր նկատմամբ բանեցուած շրջափակումին դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սալաֆական շարժումի քարոզիչներէն շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի կազմակերպութիւն գոյութիւն չունի:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Պըրժ Շմալի գաղթակայանին մէջ երէկ արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնք պատճառեցին զոհ մը եւ վիրաւորեցին 10 ուրիշներ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ անոնք կոչ ուղղած են մշակելու ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որուն հիման վրայ ոչ ոք յաղթանակ կրնայ արձանագրել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ այդ պատճառով ալ Մոսկուա զօրակցած է Լիբանանը շրջանային իրադարձութիւններէն եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապէն զանց կացուցելու կեցուածքին:

