Ապու Ֆաուր. «Սուրիացի Գաղթականներուն Համար Գաղթակայաններու Ստեղծումը Անխուսափելի Է»

Ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններու հաստատումը անխուսափելի իրականութիւն մըն է, որ ի վերջոյ պիտի կատարուի:

Ան ընդգծեց, որ սուրիացի գաղթականներուն տագնապը լիբանանեան տագնապ չէ եւ անոր առնչութեամբ արաբներն ու Արեւմուտքը պէտք է պատասխանատուութիւն ցուցաբերեն:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը սուրիացի գաղթականներուն իրականութիւնն է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կազմող քաղաքական կողմերը տարակարծիք են, եւ այդ իրավիճակը կրնայ ազդել կառավարութեան ժողովներուն վրայ եւ կասեցնել զանոնք:

Share this Article
CATEGORIES