Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Հերքէ Արեւելեան Սահմաններու Իր Դիրքերէն Հեռանալու Լուրերը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութեան մը ընդմէջէն հերքեց արեւելեան սահմաններու` Քաայէն մինչեւ Քուսայա, իր դիրքերէն հեռանալու մասին շրջան ընող լուրերը:

Բանակը հաստատեց, որ իր ուժերը կը շարունակեն պահպանել Լիբանանի սահմանները, ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը` կոչ ուղղելով բոլոր լրատուամիջոցներուն, որ նման լուր մը հրապարակելէ կամ հաղորդելէ առաջ ստուգեն անոր ճշգրտութիւնը:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի անհրաժեշտ նկատեց, որ ներքին լիբանանեան առումով բանակը հանգիստ ձգեն, որպէսզի ան դիրքաւորուի սահմաններուն վրայ:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան սահմանները բանակին հակակշիռին տակ կը գտնուին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES