Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Նշեցին Մայրիներու Յեղափոխութեան Ը. Տարեդարձը
Մարտ 14-ի Մայրիներու յեղափոխութեան Ը. տարեդարձին առիթով` երէկ «Պիել»-ի մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կազմակերպեցին յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին խօսք առին քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող 14 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք շեշտեցին Մարտ 14-ի երազին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը եւ քննադատեցին ու ցեխարձակումներ կատարեցին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն եւ սուրիական վարչակարգին դէմ:
Հանդիսութեան աւարտին, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի յեղափոխութիւնը իր ճամբան կը շարունակէ երիտասարդական շունչով եւ պիտի հասնի իրականացնելու իր վեհ գաղափարները` ամրապնդելով երկրին ազգային միասնականութիւնը:
«Մարտ 14-ը առիթ մըն է պաշտպանելու Լիբանանի ոգին ու արժէքները, եւ մենք պիտի շարունակենք պաշտպանել նաեւ երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը», շեշտեց Սինիորա:

