Ժոմպլաթ Կոչ Ուղղեց Ամրապնդելու Ազգային Միասնականութիւնը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին այցելեց իր հօր` Քամալ Ժոմպլաթի շիրիմը, ուր ծաղիկ մը զետեղեց` յարգելով անոր յիշատակը:

Քամալ Ժոմպլաթի նահատակութեան տարելիցին առիթով Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ամրապնդելու երկրին ազգային միասնականութիւնը եւ հեռու մնալու սադրանքներէն, յատկապէս անոր համար, որ Լիբանան կը գտնուի դժուար հանգրուանի մը սեմին:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի սուրիացիներուն ազատութեան պայքարին` աւելցնելով, որ պէտք է խոնարհիլ Սուրիոյ ժողովուրդին զոհողութիւններուն առջեւ:

Share this Article
CATEGORIES