Ներքին Գործոց Նախարարը Կը Հաստատէ Լիբանանէն Սուրիա Զէնքի Մաքսանենգումը
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգում կը կատարուի` աւելցնելով, որ լիբանանցիները ամբողջովին մխրճուած են Սուրիոյ տագնապին մէջ:
Շարպել շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի մէջ կեցուածքներու երկփեղկում մը կայ, սակայն կառավարութիւնը որոշած է չէզոք մնալ եւ այս իմաստով մնայուն կերպով կոչ կ՛ուղղէ բոլորին յարգելու կառավարութեան կեցուածքները` պահպանելու համար Լիբանան – Սուրիա երկկողմանի յարաբերութիւններն ու միացեալ շահերը:
Միւս կողմէ, ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ ներքին երկխօսութեամբ լուծելու իր տագնապը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի շուրջ մէկ միլիոն գաղթականները երկրին կացութիւնը վատթարացուցած են, եւ անոնց պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնեն նաեւ արաբական երկիրները:

