Մարախները Կ՛այցելեն Լիբանան
Անցեալ շաբաթավերջին քիչ թիւով մարախներ երեւցան լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ:
Այս հանգրուանին արաբական կարգ մը երկիրներ, ինչպէս` Սուտան, Եգիպտոս եւ Յորդանան, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հողեր այցելեցին մարախի խումբեր, որոնք յայտնուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի, Սայտայի եւ Ժնահի մէջ:
Երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ երէկ մարախի նոր խումբեր Լիբանան չեն հասած:
Երկրագործութեան նախարարութեան ուսումնասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Սալահ Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանան հասած մարախի թիւերը սահմանափակ են եւ վտանգաւոր չեն. ան յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանը հարուածելիք փոթորիկը պիտի ոչնչացնէ մարախը:
Նշենք, որ վերջին անգամ 1960-ական թուականներուն մարախը հասած է Լիբանան. անոր գոյութեան պատճառը կլիմայի արտասովոր փոփոխութիւնն է:

