Ընտրութեան Վերահսկող Խորհուրդին Դէմ Պիտի Քուէարկենք

Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին իրենք դէմ պիտի քուէարկեն ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդին` աւելցնելով, որ սպառնալիքները անօգուտ եւ ապարդիւն դուրս պիտի գան: Ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու խորհրդարանի լիագումար նիստին անդրադառնալով` Խալիլ ըսաւ, որ խորհրդարանի նախագահը անպայման խորհրդարանը նիստի մը պիտի հրաւիրէ` վաւերացնելու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը:

Խալիլ աւելցուց սակայն, որ Պըրրի պիտի ստիպուի յետաձգել լիագումար նիստը, եթէ խորհրդարանը բաղկացնող հիմնական կողմ մը բացակայի:

Ակնարկելով պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն` Խալիլ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի լուծելու այդ թղթածրարը:

Share this Article
CATEGORIES