Զօր. Աուն. «Քրիստոնեայ Համայնքին Իրաւունքը Պիտի Վերահաստատուի»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ներկայ գտնուեցաւ Սաֆրայի Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որմէ ետք ան եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սաֆրայի բնակիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքը պիտի վերահաստատուի սահմանադրութեան համաձայն` աւելցնելով, որ իրենց համար նուազ քան 64 քրիստոնեայ երեսփոխանի ընտրութիւնը մերժելի է:
«Ճշգրիտ ներկայացուցչութեան իրաւունքը դարձեալ մեզմէ պիտի չխլեն եւ այս ուղիով պիտի շարունակենք, մինչեւ լիբանանեան պետութեան վերահաստատումն ու հզօրացումը: Լիբանանեան խորհրդարանին մէջ բարեկարգումը չ՛ամբողջանար, բացի` ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ», ըսաւ զօր. Աուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

