Միքաթի Վերստին Կոչ Ուղղեց Յարգելու Լիբանանի Չէզոք Կեցուածքը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, դէպի Սուրիա զէնքերու մաքսանենգումն ու զինեալներու փոխադրութիւնը կասեցնելու առումով:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ սահմանային խախտումները զսպելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացաւ նամակ մը, որ ուղղուած էր սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ` լիբանանեան-սուրիական սահմանային կացութեան վերաբերեալ: Սուրիական նամակին մէջ նշուած էր, թէ Դամասկոս նախանձախնդիր է երկկողմանի յարաբերութիւններուն պահպանումին առումով եւ կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանին սահմանային խնդիրները լուծելու` յանձնառու մնալու համար երկու երկիրներուն շահերուն իրագործումին: Սուրիական նամակին մէջ նաեւ նշուած էր, որ եթէ լիբանանեան հողերէն դէպի Սուրիա զինեալ թափանցումները շարունակուին, սուրիական բանակը պիտի ռմբակոծէ լիբանանեան հողերը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ, որ շեշտեց Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանան շարունակէ մնալ պատգամ երկիրը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի վերստին կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն յարգելու Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը եւ Լիբանանը արտաքին հետեւանքներէ փրկելու: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը լիբանանեան-սուրիական սահմանային իրավիճակին մեծ կարեւորութեամբ կը մօտենայ` աւելցնելով, որ բանակը պէտք եղած ցուցմունքներն ու հովանաւորութիւնը ստացած է` զսպելու համար երկրին սահմանները:

