Նախագահ Սլէյման Կանայէն Կ՛անցնի Նիկերիա
Ափրիկեան շրջապտոյտին շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Փղոսկրեայ Ափունքէն մեկնեցաւ Կանա, ապա ան անցաւ Նիկերիա, ուր կ՛աւարտի իր սկսած շրջապտոյտը:
Նախագահ Սլէյման Կանայի նախագահ Ճոն Տրամանի Մահամայի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` հարաւային Լիբանանի մէջ Կանայի ուժերուն խաղաղապահ դերակատարութեան համար:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նախագահ Սլէյման Լիբանանի մէջ ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու ամերիկեան յայտարարութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները զուտ լիբանանեան հարց են: Ան շեշտեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի լիբանանեան այդ ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու` աւելցնելով, որ ինք անձամբ չէ լսած ամերիկեան այդ յայտարարութիւնները, որոնք կատարուած են:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ մշակուի արդի ընտրական օրինագիծ մը, որ արդարութեան եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան վրայ հիմնուած է եւ որուն շուրջ համախոհութիւն կը գոյանայ: Ան շեշտեց, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ իր օրով յարանուանական խտրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը վաւերացուի:
Նախագահ Սլէյման եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը երէկ հասան Նիկերիա:


