Հանրապետութեան Միւֆթին Տար Ֆաթուան Յանձնեց Իսլամ Կրօնաւորներուն

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շաբաթ առաւօտեան Տար Ֆաթուան յանձնեց իսլամ կրօնաւորներուն, որոնք անմիջապէս նիստ մը գումարեցին Տար Ֆաթուայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Ամին Քուրտիի հետ:

Պէյրութի բնակիչներուն մէկ պատուիրակութիւնը ինքնաբուխ հաւաքի մը ձեռնարկեց Տար Ֆաթուայի դիմաց` զօրակցութիւն յայտնելով միւֆթի Քապպանիի:

Իր խօսքը ուղղելով ցուցարարներուն` իսլամական կալուածներու ընդհանուր տնօրէն շէյխ Հիշամ Խալիֆէ մաղթեց, որ անոնց դիմած քայլը խոհեմութիւնը վերադարձնէ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու:

 

Share this Article
CATEGORIES