Երկու Շէյխերու Վրայ Կատարուած Յարձակում Մը Լարուածութիւն Կը Ստեղծէ

Երէկ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկու շէյխեր` Մազեն Հարիրի եւ Ահմետ Ֆախրան Արեւմտեան Պէյրութի Պասթա Թահթա շրջանէն անցնելու ընթացքին յարձակումի ենթարկուած են, ապա անմիջապէս փոխադրուած Մաքասետի հիւանդանոցը` բուժուելու:

Տար Ֆաթուայի շէյխերուն վրայ կատարուած յարձակումը լարուածութիւնը գագաթնակէտին հասցուց Թարիք Ժտիտէի մէջ գտնուող Մաքասետի հիւանդանոցին շուրջ: Փակուեցան Քասքասի, Մարզական աւանի եւ Քոռնիշ Մազրաայի ճամբաները:

Ապահովական ուժերը Խանտաք Ղամիքի մէջ խուզարկութիւններ կատարեցին` ձերբակալելու համար երկու շէյխերուն վրայ յարձակում գործած անձերը: Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դէպքէն անմիջապէս ետք կոչ ուղղեց ինքնազսպումի եւ հանդարտութեան, իսկ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը դատապարտեցին դէպքը: Աւելի ուշ Սայտայի Պիլալ Պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր այցելեց Մաքասետի հիւանդանոց` զօրակցութիւն յայտնելու համար երկու շէյխերուն:

Յայտնենք, որ սոյն դէպքին հարցով մինչեւ կէս գիշեր արդէն ձերբակալուած էր 10 հոգի:

Share this Article
CATEGORIES