Ասկերանի Ընտրութիւններուն Յաղթեց Ալիոշա Գաբրիէլեան
Երէկ տեղի ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի համայնքի ղեկավարի ընտրութիւնները: Նախնական տուեալներով յաղթանակ արձանագրեց դաշնակցական թեկնածու Ալիոշա Գաբրիէլեան:
Ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող ընդհանուր քուէարկողներու թիւը 1582 էր: Ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ 1144 հոգի` ընտրողներուն 72 առ հարիւրը: 988 ընտրող քուէարկեց Ալիոշա Գաբրիէլեանի, իսկ 140 հոգի` Համլեթ Ղազարեանի օգտին:
CATEGORIES Հայկական


