Արմէն Ռուստամեան Պիտի Գլխաւորէ ՀՅԴ-ի Ցուցակը` Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ ՀՅԴ-ն առանձին պիտի մասնակցի 5 մայիսին նախատեսուած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, իսկ Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Համբարձումեան աւելցուց, որ ցուցակը ամբողջութեամբ պիտի հրապարակուի յառաջիկային:
CATEGORIES Հայկական

