50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1963)
Հայ Երգչուհիի Մը Յաջողութիւնը
Փարիզի մէջ ներկայիս, Ֆրանսուազ Հարտիէն ետք ամէնէն աւելի կը խօսուի երիտասարդ աստղի մը մասին, որ արագ քայլերով կը յառաջանայ գագաթնակէտը տանող ճամբէն: Տասնութ տարեկան այս մանկամարդուհին կը կոչուի Սիլվի Վարդան. պուլկարահայ է եւ ունի շատ գեղեցիկ ձայն մը: Թուիսթի եղանակներ կ՛երգէ ան եւ շատերու աչքին ըմբոստ երիտասարդութեան ներկայացուցիչն է. իր մասին գրութիւններ եւ նկարներ կ՛երեւին բազմաթիւ պարբերաթերթերու մէջ:
Սակայն Սիլվի չ՛ուզեր, որ ուրիշներ սխալ գաղափար մը կազմեն իր մասին ու այս առթիւ հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է վերջերս մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին.
– Շատեր կը զարմանան, թէ մէկ տարուան մէջ ինչպէ՞ս համբաւի տիրացայ: Սակայն այս յաջողութեան հասնիլը կարծուածին չափ դիւրին չեղաւ ինծի համար: 1962-ին անունս ոչ ոքի ծանօթ էր. մասնաւոր հաւաքոյթներու մէջ եղբօրս հետ կ՛երգէի, աւելի վերջ, բարեկամներու յանձնարարութիւններէն քաջալերուած ձայնապնակ մը լեցուցի:
Երիտասարդութիւնը իսկոյն սկսաւ ինձմով հետաքրքրուիլ, եւ այս պարագան շատերու նախանձը գրգռեց: Սկսան զիս քննադատել` ըսելով, թէ տաբատ կը հանգնիմ, կամ թէ` շատ մտերիմ եմ երիտասարդ ընկերներուս հետ: Մինչդեռ այն ատենները տակաւին լիսէ կը յաճախէի եւ վարժարանի տնօրէնութիւնը իմ մասիս երկար քննութիւն մը կատարելէ ետք, համոզուած ըլլալով, թէ որեւէ այպանելի կամ անպաշտաճ ընթացքի մէջ չեմ գտնուած, արտօնեց, որ պատկերասփիւռէն երգեմ ու ձայնապնակներ լեցնեմ:
«Գալով համբաւիս», «Բոլոր ընկերներս», «Անցեալ ամառուան պէս», «Կ՛ուզեմ զուարճանալ», «Կոնկ կոնկ», «Անոր սիրտը մի կոտրեր» անուն երգերս մեծ ընդունելութիւն գտան»: Այս յաջողութենէն ետք շրջապտոյտի ելայ եւ ութ քիլօ կորսնցուցի: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ դիւրին չէ համբաւի տիրանալ, նշանաւոր դառնալու համար անհրաժեշտ է աշխատիլ ու յոգնիլ:
Այլեւս չեմ կրնար կանոնաւորաբար հետեւիլ լիսէի դասընթացքներուն եւ ստիպուած եմ յառաջիկայ տարուան յետաձգել աւարտական քննութիւնները:
Քիչ մըն ալ խօսիմ անձնական կեանքիս մասին. միակ հաճոյքս սինեման է, երկու մտերիմ ընկերուհի ունիմ եւ առ այժմ ամուսնութեան մասին չեմ խորհիր: Բաւական դրամ կը շահիմ ձայնապնակներէս, երիտասարդները շատ կը սիրեն երգերս: Ունիմ երեք միլիոն ունկընդիր ու համակիր, եւ ասիկա բաւական ծանր պատասխանատուութիւն մը կը դնէ մարդուս ուսերուն:
Մեր Աղեղէն
Մինչեւ Ե՞րբ
Քաղցր օրօր մը սկսած էր մեզ օրօրել քանի մը տարի առաջ: Սակայն մեր երազները յօդս ցնդեցան Հայաստանի խորհրդայնացման նուիրուած հանդիսութիւններու աւարտին:
Խրուշչեւ, մարգարէ՛ն, հայասէր մարդ մը, յամենայնդէպս, ըսած էր, թէ հայկական ներքին հողերու հարցը կրնար միմիայն «եղբայրական ժողովուրդներու» փոխադարձ համաձայնութեամբ լուծուիլ, եւ թէ` կեդրոնական կառավարութիւնը իշխանութիւն չունէր նման խնդիրներ քննելու:
Ուրեմն, մեզի ըսուածը պարզ խօսքով այն էր, թէ գացէք ձեր գլխուն ճարը նայեցէք, այսինքն ձեր խնդիրը ձե՛ր ձեռքով կարգադրեցէ՛ք:
Կար ժամանակ, որ իրապէս մեր խնդիրը ձեր ձեռքով կարգադրելու կարողութիւնը տրուած էր մեզի ըսե՛նք Նախախնամութեան կողմէ:
Սակայն հիմա տրուած ըլլալով` որ այդ մէկը գրեթէ անհնարին է, ստիպուած ենք արտասահմանի հայութիւնը զգաստութեան հրաւիրել` մեզի տրուած այդ կարելիութիւնը լաւագոյնս օգտագործելու:
Միահամուռ կերպով, հանրագրութեամբ ու զանգուածային հանրաքուէով պահանջել յիշեալ հողերը, որոնք էապէս հայկական են եւ այս` ի հեճուկս բոլոր մանր-մունր գինովներու եւ փոլիթիքոսներու, որոնք դեռ երէկ իրենց անսանձ արշաւին ձեռնամուխ էին հայ բարի ու ազնիւ զանգուածը խաբելու համար:
Այդ տխուր աշխատանքին համար ժամանակը յարմար վարձատրութիւն մը կ՛ընէ հաւանաբար, իրենց: Մենք վստահ ենք ատոր: Եւ նոյնքան վստահ ենք նաեւ զանգուածային հանրաքուէի մը յաջողութեան, եթէ միմիայն այս անգամ գոնէ մեր բոլոր խաւերը ձայնակիցին իրենց խղճի ձայնին:
Ահա թէ ի՛նչ կ՛ուզէինք ըսել:
Ով որ ապրի, դեռ շատ պիտի տեսնէ:
ԱՂԱՍԻ
«Սփիւռք»
Հաղորդագրութիւն
Պաշտօնական Յայտարարութիւն
Ազգային Առաջնորդարանի
Այսու պաշտօնապէս կը յայտարարենք, թէ սսեցի Աքսոր Գասարճեան, ընդառաջելով Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղի Թաղական խորհրդոյ խնդրանքին, սիրայօժար յանձն առած է հոգալ Ազգային Լուսինեան վարժարանի մանկապարտէզի շինութեան ամբողջ ծախքը:
Առ ի գնահատութիւն Աքսոր Գասարճեանի այս իշխանավայել ընծայաբերութեան, թեմիս Ազգային վարչութիւնը որոշեց Նոր Սիսի Ազգային Լուսինեան վարժարանը վերակոչել Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան:
Բիւր շնորհակալութիւն եւ սրտագին օրհնութիւն ազնիւ նուիրատուին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
14 մարտ 1963
Պէյրութ-Լիբանան

