Համազգայինի Հրատարակչատան Գրատարածի.Մանկապատանեկան Գիրքերու Եւ Դաստիարակչական Խաղերու Շրջուն Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը ընթացք առաւ 5 մարտին:

Գրատարածի անձնակազմը նախորդ տասը օրերուն այցելեց Թէքէեան, Ազգ. Աբգարեան, Ազգ. Խանամիրեան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան, Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Հայ Աւետարանական քոլեճ, Ազգ. Լ. եւ Սոֆիա Յակոբեան եւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարանները եւ ներկայացուց Համազգայինի ու այլ հրատարակչատուներու հրատարակութիւնները: Գիրքերու ցուցահանդէսը դպրոցներուն մէջ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն եւ ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ եւ խորհրդատուութեամբ աշակերտները գնեցին գիրքեր: Ցուցահանդէսի կողքին վարժարաններու բարձրագոյն կարգի աշակերտները դիտեցին Համազգայինի 81-ամեայ երթը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը: Յայտնենք, որ շրջուն ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթներուն եւ կրթական հաստատութիւններէն անկախ նաեւ պիտի ներառէ միութիւններ եւ այլ կառոյցներ:

Հայ մանուկն ու պատանին հայ գիրքին հետ ընտելացնելու, հայ գիրքը անոնց բարեկամը դարձնելու առաքելութեամբ, յառաջիկայ ամիսներուն, ամառնային արձակուրդի նախօրեանկին  լոյս պիտի տեսնեն նոր հրատարակութիւններ:

Ապրիլ-մայիս ամիսներուն ընթացքին Համազգայինի հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ նաեւ  տեղի պիտի ունենայ Հայ գիրքի պատրաստութեան մրցանք`  7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ կարգերու աշակերտութեան համար: Այս տարուան մրցանքի նիւթը նուիրուած է հայ մօր` նկատի ունենալով որ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ 2013-ը հռչակուեցաւ հայ մօր տարի:

Թէքէեան վարժարա

Ազգ. Աբգարեան վարժարան

 

 

 

 

 

 

 

Հայ Աւետ. Շամլեան Թաթիկեան վարժարան

Ազգ. Խանամիրեան վարժարան

 

 

 

 

 

 

 

 

Ազգ. Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ

Հայ Աւետարանական քոլեճ

 

 

 

 

 

 

 

 

Հայ Կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարան

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES