Նոր Հրատարակութիւններ` «Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը» – 2012
ՅԱՐՈՒԹ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ
Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ (1985-1990), լիբանանեան եւ միջազգային դրամատնային, տնտեսագիտական ու ելեւմտական հարցերու խորհրդատու, տնտեսագիտական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան ընթերցասէր հասարակութեան սեղանին վրայ կը դնէ «Հայաստանի դրամատնային համակարգը» գիրքը:
Մկրտիչ Պուլտուքեան մանրակրկիտ ու յամառ պրպտումներու, փաստագրական աղբիւրներու լոյսին տակ հայ ընթերցողին կը ներկայացնէ Հայաստանի դրամատնային համակարգը` սկսելով առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանէն, անցնելով Խորհրդային Հայաստանի դրամատնային համակարգ եւ, վերջապէս, հասնելով երկրորդ հանրապետութեան ժամանակաշրջանի դրամատնային համակարգի կազմաւորումը, իրագործած նուաճումները եւ հեռանկարները:
Հեղինակը միաժամանակ կ՛անդրադառնայ վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի դրամագլուխին բոլորած հանգրուանները եւ յատուկ կերպով կ՛ընդգծէ օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ դրամագլուխի տխուր ճակատագիրը` կորուստները եւ յափշտակութիւնները: Մեկնելով իր հարուստ փորձառութենէն, ան կ՛առաջարկէ Հայաստանի դրամատնային համակարգը աւելի ճկուն եւ նախանձելի դարձնելու միջոցներ: Հեղինակը յատուկ կերպով կը շեշտէ դրամատնային մշակոյթին կարեւորութինը հայ իրականութեան` սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:
Գիրքին յառաջաբանին մէջ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան կը նկարագրէ 19-րդ դարէն եւ
20-րդ դարու սկիզբը Հայաստանի քաղաքատնտեսական համայնապատկերը: Հեղինակը կ՛ապացուցէ, թէ Կովկասի մէջ հայկական դրամատուն ստեղծելու ծրագիր գոյութիւն ունեցած է մինչեւ Հոկետմբերեան յեղափոխութիւնը` 1917:
Գիրքին երկրորդ մասին մէջ հեղինակը առաջարկներ կը ներկայացնէ դրամատնային համակարգ կազմաւորելու միջոցներուն, անոր զարգացման հանգրուաններուն վերաբերեալ:
Հետաքրքրական եւ խիստ ուսանելի են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին Հայաստանի դրամատնային համակարգին մասին փոխանցուած տեղեկութիւնները: Հեղինակը կ՛անդրադառնայ առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանի դրամանիշներուն: Ապա կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի կեդրոնական դրամատուներուն շրջաբերութեան դրած դրամանիշները երախշաւորող ինչքերը` բաղդատելով առաջին հանրապետութեան շրջաբերութեան դրած դրամանիշներու երաշխաւորութեան գործընթացին հետ :
Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան պրպտող տնտեսագէտը կ՛անդրադառնայ խորհրդային ժամանակաշրջանին գործող դրամատնային օրէնքներուն եւ ընդհանուր համակարգին, ապա Երկրորդ հանրապետութեան` 1992-էն մինչեւ մեր օրերը` ստեղծուած դրամատնային նոր համակարգին հեռանկարներուն:
Գիրքի յաւելուածին մէջ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան 1992-էն ի վեր կատարած իր դասախօսութիւններուն, հարցազրոյցներուն եւ յօդուածներուն ընդմէջէն կը փոխանցէ ներկայ շուկայական տնտեսութեան մէջ գործող Հայաստանի մէջ մնայուն դրամատնային համակարգ ստեղծելու կարելիութիւններուն մասին իր թելադրութիւնները: Յատուկ բաժինով մը հեղինակը կ՛արժեւորէ Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ 30 մարտ 2012-ին Հայաստանի Դրամատուներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստանի դրամատնային ներկայի իրավիճակը արտացոլացնող խորհրդաժողովը` բարձր գնահատանք մը փոխանցելով հանրութեան:
Իբրեւ լիբանանեան տնտեսական եւ ելեւմտական համակարգին ծանօթ անձնաւորութիւն` գիրքին վերջաբանին մէջ հեղինակը իբրեւ օրինակ կը ներկայացնէ Լիբանանի դրամատնային համակարգը (ֆրանսերէնով):
Մատչելի եւ դիւրըմբռնելի ոճով, 152 էջերու մէջ խմբագրուած, որակաւոր տպագրութեամբ այս գիրքը յանձնարարելի է ոչ միայն դրամատնային ու ելեւմտական համակարգերու հետ շփուող, տնտեսագէտներու, գործարարներու, համալսարանականներու, այլեւ` իւրաքանչիւր հայու, ծանօթանալու` ներկայ Հայաստանի դրամատնային համակարգին եւ անոր արձանագրած իրագործումներուն:

