Ճատրակ. Անդրանիկ-Սեւան Ակումբի Մրցաշարք. Հայկական 8 Վարժարաններու 26 Երկսեռ Աշակերտներ Մասնակցեցան Մրցաշարքին
Կազմակերպութեամբ Անդրանիկ-Սեւան ակումբին, երէկ` կիրակի, 17 մարտին տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` Դարուհի Յովակիմեան վարժարանին մէջ (Հըրշ Թապեթ):
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական 8 վարժարաններու 26 երկսեռ աշակերտներ` հետեւեալ ձեւով. Ճեմարան (9), ԿԲՎ (6), Մեսրոպեան, Կերթմենեան (3-ական), Եղիշէ Մանուկեան (2), Յովակիմեան, Նազարեան եւ Թէքէեան (1-ական):
Նկատի ունենալով մասնակցողներուն ոչ այդքան շատ թիւը` կազմակերպիչները որոշեցին 8-10 տարեկան դասակարգի մրցումները կատարել միասին, իսկ 12-14 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները կատարել միասին, սակայն մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ հինգ տարբեր տեսակով:
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
1.- Գլակ Մարտիրոսեան 2,5 կէտ
2.- Յակոբ Թերզեան 2 կէտ
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ` ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Նանօր Առնելեան 4 կէտ
2.- Լիակ Մարտիրոսեան 3,5 կէտ
3.- Սթեֆանի Կիրակոսեան 2,5 կէտ
1.- Ռուբէն Մարտիրոսեան 5 կէտ
2.- Հրակ Լախեան 4,5 կէտ
3.- Հրայր Գասապեան 4,5 կէտ
1.- Լեւոն Գալայճեան 6 կէտ
2.- Նարեկ Նազարեթեան 4,5 կէտ
3.- Ալեքս Թորոսեան 4 կէտ
1.- Քարլօ Դարբինեան 6 կէտ
2.- Դաւիթ Մաթէոսեան 4,5 կէտ
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, առաջին դիրքը գրաւած աշակերտները տիտղոսներու կողքին ստացան նիւթական պարգեւներ, մինչ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները` մետալներ:
Օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Ալի Ժաուիշ, իսկ անոր օգնականը` Ժիրայր Օգնայեան:
Կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատու Րաֆֆի Ճիկերեան եւ խօսք առնող այլ պատասխանատուները մասնակցողներուն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն:





