Ճատրակ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Տիտղոսի Զտումի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լոնտոնի մէջ սկսաւ աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարի զտումի մրցաշարքը, որուն ընթացքին առաջին հանդիսացողը իր դէմ պիտի ունենայ աշխարհի ախոյեան հնդիկ Վիշվանաթան Անանտը, որմէ ետք պիտի վճռուի աշխարհի նոր ախոյեանին անունը:

Թէեւ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ սկսաւ մրցաշարքը` Մակնիւս Քարլսընի հետ (Նորվեկիա), սակայն յաջորդ երկու մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրելով 2,5 կէտով առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ:

Ան յաջորդաբար յաղթեց Պորիս Կելֆանտին (Իսրայէլ), ապա` ուքրանացի Վասիլի Իվանչուքին: Վերջինիս դէմ Արոնեան իր յաղթանակը արձանագրեց սեւ քարերով` 33-րդ շարժումին:

Փիթըր Սվիտլեր եւ Մակնիւս Քարլսըն ունին 2-ական կէտ:

Այսօր` երկուշաբթի, հանգիստի օր է:

Share this Article
CATEGORIES