Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Արապի` 3-2

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Ե. խմբակի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, շաբաթ, 16 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Արապին` Նըժմէի դաշտին վրայ:

Յարութ Մումջողլեանի, Վաչէ Ղուկասեանի եւ Սեպասթիան Քոնսթանթինի նշանակած կոլերուն շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը 3-0 արդիւնքով յառաջացան: Սակայն մրցակից կազմը յաջողեցաւ երկու անգամ պատասխանել` իր կոլերը նշանակելով փենալթիներով:

Նշենք, որ այս շաբաթավերջին, Դ. հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցում չունի կատարելիք:

Ե. հանգրուանին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 31 մարտին, ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն է Սաատ Սաֆա Պարուք:

Share this Article
CATEGORIES