Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ 9 Վարժարաններու Ներկայացուցիչներուն. Թմրեցուցիչի Ծանօթացման Եւ Թմրամոլութեան Կանխարգիլման Նպաստող Օգտակար Սեմինար
Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման գրասենեակին, շաբաթ, 16 մարտ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 9 վարժարաններու 10-րդ դասարաններէն ներկայացուցիչներու, որոնց ընդհանուր թիւն էր 34:
Սեմինարին բացման խօսքը արտասանեց Շաղիկ Խիւտավերտեան, որ նշեց, թէ 6-րդ տարին ըլլալով կը կայանան այսպիսի բնոյթի սեմինարներ, որոնք կը միտին հայ աշակերտին փոխանցել թմրեցուցիչի մասին տեղեկութիւններ եւ մոլութեան դէմ կանգնելու միջոցներ: Ան հաստատեց, որ կանխարգիլման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ սեմինարը ունի իր իւրայատուկ կարեւորութիւնը:
Ապա ներկաները դիտեցին «Ռեքուիեմ ֆոր է տրիմ» տեսերիզը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ քննարկում եւ թմրեցուցիչի հետեւանքներու ներկայացում: Տոքթ. Յակոբ Մելիքեան խօսեցաւ թմրեցուցիչի գլխաւոր խումբերու, մարդկային մարմնին վրայ իւրաքանչիւրին ունեցած ժխտական ազդեցութեան եւ յառաջացուցած վնասներուն մասին:
Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, Ալին Նագգաշեանի գլխաւորութեամբ, մասնակիցները ունեցան զրոյց-վարժողական աշխատանք մը, որուն նիւթն էր «Ընկերային հմտութիւններու զարգացումը իբրեւ նախապայման` պատանիներու առողջ կազմաւորման»:
Միօրեայ սեմինարի աւարտին, Հուրի Լոճիկեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ գործնական աշխատանք: Վարժարաններու ներկայացուցիչները նախազգուշական աշխատանքներու ծրագիրներ եւ ընտրեցին գործադրութեան եղանակներ: Առաջարկներուն մէջ ներկայացուած էին տարեկան այս օրակարգին մէկ օր յատկացնելու կարելիութիւնը, դասապահեր ապահովելու միջոցը, հետեւողական կերպով կանխարգիլման աշխատանքը, արհեստագիտական միջոցները գործածելու կարելիութիւնները եւ այլ նիւթեր:

