Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի Գործունէութիւնը Ցոլացնող` Աբրահամ Գասպարեանի «Երկաթէ Լոպիինկ» Փաստագրական Տեսերիզի Ցուցադրութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ  տեղի ունեցող ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 18 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի գործունէութեան  առանցքն ու նպատակը ներկայացնող փաստագրական շահեկան տեսերիզ մը:

Տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան

Լիբանանահայ մտաւորականներու, միութենական, դաւանական, կուսակցական ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու եւ  ազգայիններու հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով կատարեց տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան, որ սեղմ տողերու մէջ  փոխանցեց ներկայացուելիք տեսերիզի միտք բանին ու նպատակը: Ան շեշտեց այս ժապաւէնի անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախորդող քառամեակին Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան հեռանկարներով: Նշելով, որ յառաջիկայ վեց ապրիլին նոյն այս վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ նոյնքան կարեւոր այլ ձեռնարկ մը, ան շեշտեց, թէ այսօր հայ մամուլը պէտք ունի իր ցիրուցան  ուժերը համադրելու եւ համահայկական ճիգերով Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան հաստատակամ քայլին: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց «Երկաթէ լոպիինկ» ժապաւէնի հեղինակ, «Հայլուր»-ի աւագ մեկնաբան Աբրահամ  Գասպարեանի կենսագրականը:  Գասպարեան ծնած է Հալէպ` 1981-ին, աւարտելէ ետք «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը, 2001-ին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ մասնագիտացած է միջազգային քաղաքականութեան ճիւղին մէջ:

Աբրահամ Գասպարեան

Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, Աբրահամ Գասպարեան սեղմ գիծերու մէջ ներկաներուն փոխանցեց այս ժապաւէնին պատրաստութեան նախապատրաստական քայլերը, դժուարութիւններն ու հիմնական նպատակը` ընդգծելով, որ իր այս նախաձեռնութեան գաղափարին գլխաւոր խթան հանդիսացած էր անցեալ տարի Անթիլիասի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնած ու հովանաւորած  Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ գիտաժողովը: Ապա ցուցադրուեցաւ «Երկաթէ լոպիինկ» խորագրեալ ժապաւէնը, որ յիսուն վայրկեան տեւողութեամբ կ՛անդրադառնայ յատկապէս Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի գործունէութեան: Ժապաւէնին մէջ մէջբերումներ կան նշեալ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Հայաստանի պետական յանձնաժողովի քարտուղար, Հայոց  ցեղասպանութեան  թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի, Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի խօսքերէն:

Գեղամ արք. Խաչերեան

Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին կրկին խօսք առաւ հեղինակը` Աբրահամ Գասպարեան` ընդգծելով 1918-1924 թուականներուն միջեւ երկարող շրջանի կարեւորութիւնը, երբ հայութեան ճակատագիրին առնչուող վեց  կարեւոր դաշնագիրներ կնքուած են` սկսելով Մուտրոսի զինադադարէն մինչեւ Սեւրի, Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի, Կարսի ու Լոզանի դաշնագիրները:  Ան յայտնեց, որ անոնք, յատկապէս  Մոսկուայի, Կարսի ու Լոզանի դաշնագիրները միջազգային առումով անվաւեր են` տրուած ըլլալով, որ անոնք չեն համապատասխաներ միջազգային դաշնագիրներու կնքման չափանիշներուն, ուր կողմերը պէտք է ըլլան անկախ  պետութիւններ, իսկ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք յանցագործ փախստական կը նկատուէր այդ շրջանին:

Աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ խիստ բարձր գնահատեց Գասպարեանի այս նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով սակայն, թէ անիկա մեր հայելին պէտք է ըլլայ` տեսնելու համար, թէ ցարդ ի՞նչ ըրած ենք ու ձգտինք դէպի աւելի լաւը: «Պահանջատիրութիւնը մեր կեանքին մէկ մասը չէ, այլ մեր գոյատեւման «ռեզոն տեթրը» հիմքը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES