Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայացուցիչը Մտերմիկ Հանդիպում Կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապին Հետ
Ֆրանչիսկոս Ա. քահանայապետին գահակալութեան համար Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմող Նարեկ արք. Ալեէմեզեան Վատիկան ժամանեց կիրակի, 17 մարտ 2013-ին եւ իջեւանեցաւ Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու Ս. Մարթա պանդոկին մէջ, ուր նաեւ ժամանակաւորապէս կ՛ապրի Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր պապը:
Իրիկուան ժամը 8:00-ին, Նարեկ սրբազան բացառիկ պատեհութիւնը ունեցաւ պապին սեղանակից դառնալու` պանդոկի սեղանատան մէջ: Իր համեստութեամբ յատկանշուող Ֆրանչիսկոս պապը անակնկալօրէն միացաւ հոգեւորականներու փոքր խումբին եւ լայն ժպիտով «բարի ախորժակ» մաղթելէ ետք գրաւեց բոլորին համահաւասար պարզ աթոռ մը եւ մտերմօրէն մասնակցեցաւ խօսակցութեան:
Ընթրիքի աւարտին, Նարեկ սրբազան առանձինն հանդիպեցաւ սրբազան քահանայապետին հետ, անոր փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները, հակիրճ կերպով խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին եւ յատկապէս ըսաւ. «Ձերդ սրբութիւն, ինծի համար պատիւ էր այսօր ձեզի սեղանակից ըլլալը: Ձեր մէջ յատկապէս կ՛ողջունեմ Յիսուսի` բարի հովիւին ճշմարիտ աշակերտն ու հետեւորդը: Դուք քրիստոնեաներուս եւ բոլոր մարդկութեան կեանքին մէջ խոնարհութեան տիպար մը հանդիսացաք: Կը մաղթեմ, որ Աստուած ձեզի քաջառողջութիւն պարգեւէ` ձեր ծանր լուծը կարենալ շալկելու համար»: Ապա սրբազանը ըսաւ. «Մենք` հայերս, ձեր մէջ կը տեսնենք մեծ բարեկամ մը: Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ իմ բոլոր հայրենակիցներուս, խնդրանքս է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ձեր ձայնը աւելի լսելի դարձնէք»:
Սրբազան քահանայապետը գլխու շարժումով իր հաւանութիւնը տալէ ետք ըսաւ. «Աղօթեցէք ինծի համար եւ եղբայրական ողջոյններս հաղորդեցէք Արամ Ա. կաթողիկոսին: Յուսամ մօտ ատենէն կը տեսնուինք»:

