Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Գահակալութեան

Ֆրանչիսկոս Ա. սրբազան քահանայապետը իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք յատուկ նամակ ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, ուր ան իր եղբայրական ողջոյնը կը փոխանցէր եւ կը խնդրէր, որ վեհափառ հայրապետը իր աղօթքներուն մէջ յիշէ զինք: Նոյն նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Ա. պապը տեղեակ կը պահէր, թէ իր գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 19 մարտին:

Յայտնենք, որ նոյն օրը վեհափառ հայրապետը նաեւ Վատիկանի Քրիստոնէական միութեան բաժանմունքէն ստացած էր նամակ մը, ուր հրաւէր ուղղուած էր մասնակից դառնալու սրբազան քահանայապետին գահակալութեան արարողութեան:

Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի առաւօտեան, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ: Պապը ներկայ օտար եկեղեցիներու պատուիրակները պիտի ընդունի յաջորդ օրը:

Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արարողութեան պիտի մասնակցի եռանդամ պատուիրակութիւն մը` յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի եւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պեզիկեանի:

 

Share this Article
CATEGORIES