Բրիտանիա Եւ Իրան Կը Բանակցին Հիւպատոսական Յարաբերութիւններու Վերականգնման Շուրջ
Gazeta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հասան Քաշքաւի յայտարարած է, որ Թեհրան եւ Լոնտոն կը բանակցին երկու երկիրներուն միջեւ հիւպատոսական ծառայութիւններու վերականգնման շուրջ:
«Մենք կը բանակցինք եւ կը համագործակցինք Բրիտանիոյ հետ հիւպատոսական գործունէութեան վերականգնման շուրջ», ըսած է ան:
Նոյեմբեր 2011-ին Իրան որոշած էր կրճատել Բրիտանիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը` իսլամական հանրապետութեան նկատմամբ կիրարկուած պատժամիջոցներուն պատճառով: Ատկէ ետք Բրիտանիա տուն կանչած էր իր դիւանագիտական անձնակազմը, փակած էր դեսպանատունը, եւ պահանջած փակել Լոնտոնի մէջ Իրանի դեսպանատունը եւ հեռացնել դիւանագիտական ամբողջ անձնակազմը:
«Փրես Թի.Վի.» յունիս 2012-ին հաղորդած էր, որ Իրանն ու Բրիտանիան դեսպանատուները փակելէ ետք համաձայնած էին, որ իրենց շահերը ներկայացնեն այլ երկիրներու դեսպանատուները:

