Թուրքիա-Իսրայէլ Համաձայնութիւնը Արդէն Պատրա՞ստ Է
Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց վերականգնումը երկու կողմերուն համար ալ կարեւոր է. Իսրայէլ «Արաբական գարուն»-էն եւ մասնաւորաբար Եգիպտոսի մէջ իսլամականներուն իշխանութեան գալուն լոյսին տակ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց վերաջերմացումը կ՛ուզէ, իսկ Թուրքիա գիտէ, որ Իսրայէլը պոյքոթի ենթարկելը զինք կը զրկէ շրջանին մէջ կարեւոր թղթածրարներուն մէջ միջնորդութիւն կատարելու կարելիութենէն:
Աղբիւրները կը նշեն, որ «երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունի համաձայնութիւն մը, որ նախօրօք երկու կողմերուն միջեւ պատրաստուած է եւ միայն իսրայէլեան նոր կառավարութեան կազմութեան եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի առաջին քայլին կը սպասէ, որպէսզի երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնին»:
CATEGORIES Միջազգային

