«Սուրիական Տագնապի Թղթածրարին Մէջ Յառաջդիմութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Իպրահիմի
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ` քննարկելու համար սուրիական տագնապի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ այդ տագնապի քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերը:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իպրահիմի յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու համար միջազգային մակարդակի վրայ եւ առնչակից կողմերուն հետ լուրջ քննարկումներ կան»:
Ան նշեց, որ «սուրիական թղթածրարին մէջ յառաջդիմութիւն չկայ եւ 26-27 մարտին նախատեսուած արաբական վեհաժողովին կը սպասենք` տեսնելու համար, որ տագնապի լուծման համար ի՛նչ կրնանք առաջարկել»` աւելցնելով, որ ինք կառչած կը մնայ տագնապի քաղաքական լուծման:
Նեպիլ Արապի Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման պատասխանատուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նկատեց` յայտնելով, որ «լուծումին բանալին Ապահովութեան խորհուրդին ձեռքն է, իսկ Արաբական լիկան երկու տարիէ ի վեր ծագած կռիւին դադրեցման համար որեւէ կողմի վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցները չունի»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ, որ «Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ նախատեսուած արաբական վեհաժողովը պիտի քննարկէ Արաբական լիկան արդիականացնելու թղթածրարը, զոր պատրաստած է Իպրահիմիի գլխաւորութեամբ յանձնախումբ մը»:
Մինչ այդ, արաբական դիւանագիտական պաշտօնատար մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ 26-27 մարտին Տոհայի մէջ գումարուելիք արաբական վեհաժողովին ընթացքին գրաւէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աթոռը:
Ըստ աղբիւրին, Գահիրէի մէջ արաբական վեհաժողովին ընթացքին լիկային մէջ արաբական աթոռը ընդդիմութեան յանձնելու որոշումը այդ աթոռը Խաթիպին յանձնելու նախապատրաստութիւնն էր: Խաթիպի Տոհայի վեհաժողովին մասնակցութենէն ետք արաբական երկիրները իրենց մօտ Սուրիոյ դեսպանատուները պիտի յանձնեն սուրիական ընդդիմութեան: Կը նախատեսուի, որ այդ որոշումը գործադրեն 5 երկիրներ` Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Սուտան եւ Թունուզ: Լիբանան, Իրաք եւ Ալճերիա այդ որոշումին յանձնառու պիտի չդառնան, իսկ այլ երկիրներ, ինչպէս` Օմանը, Սոմալը, Մարոքը, Յորդանանը, Քոմորեան կղզիները, Ճիպութին եւ Մաւրիտանիան այդ որոշումին ո՛չ պիտի զօրակցին, ո՛չ ալ ընդդիմանան:
ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործողութիւններու համակարգման վարչութեան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Սուրիոյ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ շարունակուող տագնապին պատճառով Սուրիոյ քաղաքացիներուն համար չեն մնացած ապահով շրջաններ, ուր կարելի է պահուըտիլ: Աւելի քան 4 միլիոն մարդ մարդասիրական անմիջական օգնութեան կարիք ունի, գաղթականներուն թիւը մէկ տարուան մէջ 33 հազարէն բարձրացած է 1.1 միլիոնի եւ կը շարունակէ ամէն օր աւելնալ:
«Սուրիոյ տագնապը հարուած հասցուցած է իւրաքանչիւր սուրիական ընտանիքի: Ատիկա կրթութեան անհասանելիութիւնն է, աղքատութիւնը, սովը, խմելու ջուրի պակասը, հիւանդութիւններն ու բժշկական օգնութեան բացակայութիւնը: Երկրին մէջ այլեւս չկան անվտանգ շրջաններ քաղաքայիններու համար, մարդիկ կորսնցուցած են յոյսը», նշուած է զեկուցումին մէջ:
Կազմակերպութիւնը կ՛ընդգծէ, որ բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը կրնայ ժամանակաւոր լուծում ըլլալ, սակայն քաղաքական լուծման փոխարինել չի կրնար:
Նշենք, որ Սուրիական ազատ բանակը երէկ ստանձնեց Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատին դէմ երկու ռումբերու արձակման պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ Քաֆարսուսայի ապահովական գօտիին դէմ ռումբեր արձակած է:


