Թուրքիոյ Արդարութեան Նախարարը ՔԱԿ-ի Թուրքիայէն Հեռանալու Ժամկէտին Մասին Խօսած Է
Թրքական «Քանալթիւրք» պատկերասփիւռի կայանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Սետուլլահ Էրկին նշած է, որ սխալ է այն տեսակէտը, թէ «Իմրալըի հոլովոյթ» կոչուող քրտական հարցի լուծման նախաձեռնութիւնը տարիներ պիտի տեւէ` շեշտելով, թէ ՔԱԿ-ի զինեալները 21 մարտէն մինչեւ տարեվերջ պիտի հեռանան Թուրքիայէն:
Ան յայտնած է, որ «բացառուած է, որ ՔԱԿ-ի զինեալներուն համապարփակ ներում շնորհուի»` յոյս յայտնելով, որ «Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող լեռներուն վրայ ապաստանած ՔԱԿ-էն շուրջ երկու հազար ըմբոստներ թրքական հողերէն իրենց հեռացումը կ՛ամբողջացնեն այս տարուան աւարտին»:
CATEGORIES Միջազգային


