Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ երեկոյեան Սուրի հանդիպակաց ծովուն վրայ հինգ լուսաւորող ռումբեր նետեց:
ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի, 21 մարտին իրենք պիտի կատարեն հսկայ ցոյց մը եւ քայլարշաւ մը, որուն ընթացքին իրենց խոստումները գործերու պիտի վերածեն: Ան շեշտեց, որ իրենց շարժումը լիբանանցիներուն ազգային միասնականութեան նպատակը կը հետապնդէ:
ՇԷՅԽ Պիլալ Տըքմաք երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին արագացնելու երկրին ապահովութեան ամրապնդումը` նախքան ապահովական յաւելեալ խախտումներու արձանագրութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պէյրութ վերադառնալէ ետք կոչ պիտի ուղղէ մարոնի ղեկավարներուն, որպէսզի անոնք գումարեն նիստ մը եւ քննարկեն ընտրական նոր օրինագիծ մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն ամէնէն արագ միջոցին գործելու եւ շէյխերուն դէմ յարձակում գործող կողմերը ձերբակալելու:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ չեն:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ կը գտնուի անակնկալ մը, զոր յարմարագոյն առիթին պիտի բացայայտէ, որովհետեւ ան կը հաւատայ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու կարեւորութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել փափաքող կողմերը պէտք է նախանձախնդիր ըլլան քրիստոնէական կամքին եւ անոնց արդար ներկայացուցչութեան:

