Սուրիական Ուժեր Կը Ռմբակոծեն Լիբանանը
Լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելու շրջագիծին մէջ երէկ սուրիական ուժեր ռմբակոծեցին Պեքաայի մօտիկ Արսալի շրջանը, որ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջան է:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, սուրիական օդուժը ռմբակոծեց նաեւ Խըրպեթ Եունինը եւ Ուատի Խէյլը, որոնք Արսալի մօտակայ գիւղաքաղաքներ են:
Ռմբակոծումները պատճառեցին նիւթական վնասներ:
«Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած սպառնական նամակէն ետք, սուրիական ուժերը անցած են իրենց սպառնալիքին գործադրութեան», մեկնաբանեցին լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներ:
Տեղեկատուական աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, որ Աքքարի եւ Քաշլաքի շրջանները իրենց կարգին կ՛ենթարկուին ռմբակոծումի:
Աւելի ուշ ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրներ իրենց կարգին հաստատեցին, որ սուրիական ուժերու կողմէ Լիբանանի դէմ ռմբակոծումը ստոյգ է եւ անիկա շատ վտանգաւոր է ու Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն:
Անոնք պահանջեցին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւին տառացի գործադրութիւնը:

