Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Վատիկանի Մէջ Երկրորդ Հանդիպում Մը Կ՛ունենան Ռայի Պատրիարքին Հետ

Նազեմ Խուրի, Պըրրի, կարտինալ Ռայի եւ Միքաթի

Երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի Վատիկանի մէջ ընդունուեցան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ եւ շարունակեցին քննարկել ընտրական օրէնքին վերաբերող հաւանական ելքերը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրին:

Հանդիպումէն ետք, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը պիտի խորհրդակցի քրիստոնեայ քաղաքական կողմերուն հետ` յանգելու համար ընտրական նոր օրինագիծի մը, որուն մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովուի եւ երկիրը կը փրկուի անիշխանութեան հանգրուան մուտք գործելէ:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն` երկիրը փրկելու համայնքային սադրանքներէն:

Share this Article
CATEGORIES