Նախագահ Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Խիստ Պատիժներու Ենթարկելու Շէյխերը Խոշտանգողները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախանցեալ գիշեր մինչեւ ուշ ժամեր հետեւեցաւ Խանտաք Ղամիքի մէջ շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումին մանրամասնութիւններուն:
Նախագահ Սլէյման, որ ափրիկեան շրջապտոյտին ծիրին մէջ հասած էր Նիկերիա, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որոնցմէ իմացաւ դէպքին մանրամասնութիւնները եւ իր ցուցմունքները ուղղեց անոնց` կոչ ուղղելով դատական իշխանութիւններուն խիստ պատիժներու ենթարկելու շէյխերը խոշտանգողները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Ապուճայի իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Նիկերիոյ մէջ արաբ դեսպանները, որոնց ներկայութեան խստիւ քննադատեց Արեւմուտքին կողմէ ժողովրդավարութեան նկատմամբ գործադրուած երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Նիկերիոյ նախագահ Կուտլաք Ճոնըթընի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ արծարծուեցաւ Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած 7 լիբանանցիներուն թղթածրարը, որուն առումով Նիկերիոյ նախագահը յայտնեց, որ անոնք կրնան սպաննուած չըլլալ:
Նախագահներուն հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան նիկերիական եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնները:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին:


