Տար Ֆաթուայի Երկու Շէյխերուն Դէմ Գործուած Յարձակումը Կ՛ելեկտրականացնէ Երկրին Իրավիճակը

Ճամբու փակում` Մազրաայի մէջ

Կիրակի ուշ գիշերին, Խանտաք Ղամիքի մէջ երկու շէյխեր` Մազեն Հարիրիի եւ Ահմետ Ֆախրանի դէմ կատարուած յարձակումին հետեւանքները երէկ ցնցեցին Լիբանանը եւ սադրանքի փողեր հնչեցուցին մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, սակայն ասոր զուգահեռ բարձր հնչեցին նաեւ ինքնազսպումի կոչերը:

Տար Ֆաթուայի շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումը երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը սրեց եւ կարգ մը փողոցներ ենթարկեց ամայութեան:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Իսլամ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին տրուեցան շարք մը որոշումներ, որոնք մնացին գաղտնի:

Նիստէն ետք շէյխ Քապպանի ընդգծեց յանցագործները պետութեան եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանրապետութեան միւֆթին շեշտեց, որ նման արարք մը կրնայ գործել միայն անկրօն անձ մը` աւելցնելով, որ իսլամական կրօնին մէջ նման արարքներ մեղք կը նկատուին, «հետեւաբար` Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան պէտք է վերջ տան յանցագործներուն իրենց զօրակցութեան», ըսաւ ան:

Շէյխ Քապպանի կոչ ուղղեց նաեւ դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցի պատասխանատուներուն` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ սադրանքները անոնց օրօրոցներուն մէջ իսկ սպաննելու:

Դարձեալ` Մազրաայի մէջ

Հանրապետութեան միւֆթին շեշտեց, որ անմիտներն են, որոնք գործած են այս արարքը, որուն հետ ոչ մէկ կապ ունին ղեկավարները` ըլլան անոնք իսլամ թէ քրիստոնեայ, սիւննի թէ շիի:

«Ընդհակառակն` այդ անմիտ խուլիկանները լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ գրգռութիւններ կը հրահրեն, նախքան քաղաքացիներուն միջեւ սադրանքներու հրահրումը», ըսաւ Քապպանի:

Ան շեշտեց, որ եթէ Լիբանանը սադրանքներու բոցին ենթարկուի, ապա անոր զոհ կ՛երթան թէ՛ սիւննին, թէ՛ շիին եւ թէ՛ քրիստոնեան:

Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն եւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի:

Քննարկելէ ետք Տար Ֆաթուայի կրօնաւորներուն դէմ գործուած յարձակումին մանրամասնութիւնները` Շարպել յայտնեց, որ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան մէջ է եւ անոնք կտրականապէս կը մերժեն նախանցեալ երեկոյեան տեղի ունեցած միջադէպը:

Շարպել շեշտեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացած է քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններէն եւ իշխանութեան պետերէն, որոնք բոլորը դատապարտած են պատահարը եւ պահանջած խիստ պատիժներու դիմել յանցագործներուն դէմ:

Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը արդէն իսկ 10 հոգի ձերբակալած են` աւելցնելով, որ անոնցմէ ոմանք ձերբակալուած են Հըզպալլայի եւ Ամալի, ինչպէս նաեւ շիի շէյխերու օժանդակութեամբ:

Միւֆթի Քապպանի այցելեց Թարիք Ժտիտէի մէջ գտնուող Մաքասետ հիւանդանոցը, ուր կը գտնուին յարձակումի ենթարկուած երկու շէյխերը:

Մաքասետ հիւանդանոցին մէջ միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ Լիբանան թիրախ է, եւ զայն կը փորձեն ներքաշել շրջանը շրջափակող հրդեհին մէջ:

Ան կոչ ուղղեց չէզոք կեցուածք ճշդելու Լիբանան հասած այս սադրանքին նկատմամբ, որ տակաւին իր սկզբնական վիճակին մէջ է:

Ղոսըն, միւֆթի Քապպանի, Շարպել եւ Մատի

Միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ նախանցեալ օրուան միջադէպին պատասխանատու են բոլոր ղեկավարները, որովհետեւ անիկա հետեւանք է երկրին մէջ մղուող քաղաքական պատերազմին եւ փոխադարձ ցեխարձակումներուն:

Ան շեշտեց, որ այդ միջադէպին յանցանքով կ՛ամբաստանէ նաեւ կարգ մը սիւննի ղեկավարներ, որոնք թիրախ կը դարձնեն հանրապետութեան միւֆթին եւ կ՛աշխատին պաշտօնազրկել զայն:

Նշենք, որ միւֆթի Քապպանի ստացաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որոնք խստիւ դատապարտեցին դէպքը եւ կոչ ուղղեցին ինքնազսպումի:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ միւֆթի Քապպանիի հետ եւ խստիւ դատապարտեց պատահարը` շեշտելով, որ պէտք է պահպանել երկրին ազգային միասնականութիւնը եւ պատժել բոլոր յանցագործները:

Շէյխ Քապալան պահանջեց ամրապնդել երկրին ապահովական կացութիւնը եւ անընդունելի նկատեց շէյխերուն դէմ յարձակող եւ զանոնք խոշտանգող կողմերը:

Վարչապետ Միքաթի Հռոմէն կոչ ուղղեց վերջ տալու երկրին լարուածութեան եւ առանց նախապայմանի վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ դաւադրութիւնները պիտի ձախողին, որովհետեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւն կայ այդ փորձերը տապալելու առումով:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ խստիւ դատապարտեց շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումը` շեշտելով, որ անիկա սադրանք մըն է:

Քասեմ դրուատեց միւֆթի Քապպանիի կեցուածքը եւ դատական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց խիստ պատիժներու ենթարկելու յանցագործները: Ան միւֆթի Քապպանիի փոխանցեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ողջոյնները` հաստատելով, որ սէյիտ Նասրալլա կ՛ընդգծէ ազգային միասնականութեան առաջնահերթութիւնը:

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ խստիւ դատապարտեց տեղի ունեցած միջադէպը` շեշտելով, որ նման դէպքեր հետեւանք են ամբողջ երկրին տարածքին տիրող ապահովական ապակայուն իրավիճակին:

Քարամէ ողջունեց քաղաքական ղեկավարութիւնները, որոնք ինքնազսպումի ենթարկուած են եւ փորձած են մարել սադրանքներուն կրակը:

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս դատապարտելի նկատեց շէյխերը խոշտանգելու արարքը` շեշտելով, որ անիկա երկրին մէջ սադրանքներ կը հրահրէ, եւ բանակը պէտք է երկաթեայ բազուկով հարուածէ ու պարտադրէ երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ պատժէ այդ դէպքին ետին կանգնող կողմերը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն Լիբանանը եւս թաթխել արեան ծովուն մէջ` զայն սադրանքներու ենթարկելով:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկ կէսօրէ ետք եւ երեկոյեան շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումէն ընդվզած երիտասարդներ հրկիզուած անիւներով փակեցին Քասքասի, Մարզական աւանի, Նաամէի եւ Խալտէի մայրուղիները, որոնք աւելի ուշ բացուեցան ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES