Եւրոպական Միութիւնը Դարձեալ Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փոխնախագահ Էլմար Պրոք «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ պաշտօնական Պրիւքսէլը կրկին կը զգուշացնէ Հայաստանը, որ անկարելի է միատեղել Ռուսիոյ նախաձեռնած Մաքսային միութիւնը Եւրոպական Միութեան առաջարկած ազատ առեւտուրի գօտիին մասին համաձայնագիրին հետ. անոնք իրարու կը հակասեն իրաւաբանօրէն:
«Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիր ստորագրել երկրի մը հետ, որ կ՛անդամակցի Ռուսիոյ առաջարկած Մաքսային միութեան: Իրաւաբանօրէն ատիկա կարելի չէ: Անհրաժեշտ է ընտրութիւն կատարել, եւ ատիկա պէտք է կատարէ ոչ միայն Հայաստանը: Այս երկուքին միջեւ ընտրութիւն պէտք է կատարէ ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ միւս պետութիւնները, որոնք եւս կ՛ուզեն միանալ Եւրոպական Միութեան առաջարկած ազատ առեւտուրի գօտիին», ըսաւ Եւրոպական խորհրդարանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը:
Նշենք, որ այս համաձայնագիրի ստորագրման պարագային Պրիւքսէլ կը խոստանայ հայաստանցի գործարարներուն եւ Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներուն առջեւ բանալ իր հսկայական` շուրջ կէս միլիոն սպառողներ ունեցող շուկան: Ըստ փորձագէտներուն, ասիկա էական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան եւ ներդրումներուն աճին վրայ, սակայն անոր հասնելու համար Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին պէտք է կատարեն Պրիւքսէլի պահանջները` բարեփոխեն սեփական օրէնսդրութիւնը, ազատեն շուկան մենաշնորհներէն եւ երաշխաւորեն ապրանքներու որակը: Տնտեսագէտները կը փաստեն, որ այս պահանջները կը բխին ոչ միայն շրջանին մէջ վստահելի գործընկեր փնտռող Եւրոպական Միութեան, այլեւ գործազրկութեան ու աղքատութեան բարձր մակարդակ ունեցող Հայաստանի շահերէն:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Հայաստան որոշէ անդամակցիլ Ռուսիոյ նախաձեռնած Մաքսային միութեան, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ղեկավարը յայտնեց, որ այս պարագային Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները այդ երկիրներուն հետ պիտի ըլլան, ինչպիսին որ Ռուսիոյ հետ են:
Նշենք, որ հակառակ անոր որ Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ թիւ մէկ առեւտրական գործընկերն է, իսկ Ռուսիա` Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի կարեւոր մատակարարներէն մէկը, այսուամենայնիւ, եւրոպական ընտանիքի շարք մը անդամներուն հետ Քրեմլինի յարաբերութիւնները խիստ լարուած են:


