«Հայերէն Պէտք Է Ներում Հայցենք» Կ՛ըսէ Վուրալ

Թուրք նախկին դիւանագէտ, Թուրքիոյ արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան տնօրէններու խորհուրդի մնայուն անդամ Վոլքան Վուրալ դարձեալ պնդած է, որ Թուրքիա առանց Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու պէտք է հայերէն ներում հայցէ 1915-ին տեղի ունեցած «ողբերգութեան» համար:

Ան «Հապեր7»-ի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին կրկնած է տարիներ առաջ իր կատարած յայտարարութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ խիստ արձագանգ գտած էր, ինչպէս նաեւ գայթակղալից նոր յայտարարութիւն կատարած է: «Հարցազրոյցի մը ընթացքին դուք ըսած էք, որ պէտք է յարաբերութիւններ ստեղծել Հայաստանի հետ, Ցեղասպանութիւնը չընդունելով պէտք է ներում հայցենք հայերէն: Տակաւին նոյն տեսակէ՞տը ունիք» հարցումին ան պատասխանած է. «Այո՛, նոյն տեսակէտը ունիմ: Այս հողերուն վրայ մէկ միլիոնի մօտ հայ ապրած է: Անոնք այս հողերուն զաւակներն են: Շարք մը իրադարձութիւններ եղած են: Ոմանք ատոր ցեղասպանութիւն կ՛ըսեն, ոմանք` մեծ ողբերգութիւն: Ի հարկէ, այն ժամանակուան օսմանեան պետութեան մեղքը կայ: Այդ մեղքին պատճառով կարելի է ներում հայցել: Ի հարկէ, հայերն ալ մեղք ունին»:

Ան աւելցուցած է, որ «իմ կարծիքովս, ասիկա քաղաքական խնդիր է եւ քաղաքական գործիչներն ալ պիտի լուծեն: Այստեղ կարելի է ներում հայցել, մահացած եւ տեղահանութեան ենթարկուած մարդոց թոռներուն ալ կարելի է դիմել կոչով. «Ասիկա նաեւ ձեր հողն է, եկէք, ձեզի ալ տեղ կայ»: Եկողներուն կարելի է քաղաքացիութիւն տալ»:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան տնօրէններու խորհուրդի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատրաստութիւններուն, ան կը յայտնէ. «Մենք կը հետեւինք, թէ աշխարհի վրայ ինչպիսի՛ հոլովոյթներ տեղի կ՛ունենան: Թուրքիոյ մէջ ալ բաւական քննարկումներ կատարուած են այդ նիւթով` հասկնալ տեղահանութեան իրականութիւնը: Մենք` իբրեւ միութիւն, կը մտածենք բաց եւ փակ ընդհանուր ժողովներ կազմակերպելու մասին: Կը նախատեսենք այդ նիւթը ուսումնասիրած մարդիկ բերել»:

Իսկ «2015-ին պիտի բացուի՞ն (Հայաստան-Թուրքիա) սահմանները» հարցումին ան պատասխանած է. «Իմ կարծիքովս, պէտք է բանանք: Տայ Աստուած, ըլլայ: Կարսի շրջանին համար ալ ատիկա շատ կարեւոր է: Ուղիղ առեւտուր չընելու պատճառով ատկէ կ՛օգտուին 3-րդ երկիրները»:

 

Share this Article
CATEGORIES