«Մեր Քաղաքացիներէն Շուրջ 2000 Անձեր Հայերու Ահաբեկչական Արարքներուն Պատճառով Սպաննուեցան Եւ Հազարաւորներ Վիրաւորուեցան» Կ՛ըսէ Ալիեւ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ահաբեկչութեան կանխարգիլման մէջ համագործակցութեան ամրապնդման միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը միշտ ալ անմիջական է: Ազրպէյճան ահաբեկչութենէն տառապած երկիրներէն մէկն է: Մեր երկիրը քանի մը անգամ հայերու կողմէ ահաբեկչական արարքներու ենթարկուած է, մեր քաղաքացիներէն շուրջ երկու հազար անձեր սպաննուեցան, հազարաւորներ վիրաւորուած էին այս դէպքերուն պատճառով: Յարձակողապաշտ անջատողականութիւնը, որ Ազրպէյճանի հողերուն 20 առ հարիւրին բռնագրաւման յանգեցաւ, միշտ ընկերակցած է հայկական ահաբեկչութեան»:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` Ալիեւ ընդգծած է, որ այդ տագնապը միջազգային եւ շրջանային ապահովութեան մեծագոյն վտանգն է, իսկ միջազգային գործակալութեանց եւ կազմակերպութեանց կողմէ որդեգրուած որոշումները թուղթի վրայ մնացած են: Տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Ազրպէյճանի ջանքերը նշելէ ետք ան ըսած է, թէ Հայաստան կը փորձէ այս հարցին մէջ սթաթիւս քոն պահպանել:
Ալիեւ նաեւ Խոջալուի դէպքերուն մասին խօսած է եւ նշած, որ չորս երկիրներու խորհրդարաններ այդ ողբերգութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցած են եւ այլ երկիրներու մօտ եւս այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի:


