Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Պիտի Մասնակցի Հռոմի Նորընտիր Պապի Գահակալութեան

Երէկ երեկոյեան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը պիտի մեկնի Վատիկան, ուր այսօր ներկայ պիտի գտնուի Հռոմի նորընտիր պապի գահակալութեան արարողութեան:

Այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին պիտի ուղեկցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչական բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեան եւ գաւազանակիր Անանիա աբղյ. Ծատուրեան:

Share this Article
CATEGORIES