Նախագահ Սարգսեան Պիտի Չայցելէ Յովհաննէսեանին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Երէկ երեկոյեան նախագահական նստավայրին մէջ լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան թէեւ կոչ ուղղեց Րաֆֆի Յովհաննէսեանին` դադրեցնելու հացադուլը, սակայն ըսաւ, թէ չի պատրաստուիր անոր հետ հանդիպելու Ազատութեան հրապարակին վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ յայտնեց, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ հանդիպման ընթացքին համաձայնած էին իրարու գրաւոր առաջարկներ ներկայացնել: Սակայն, Րաֆֆի Յովհաննէսեան իրեն առաջարկներ չէ ներկայացուցած: Այսուհանդերձ, Սերժ Սարգսեան Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ ներկայիս եւս կապի մէջ կը գտնուի: Ան գրաւոր նամակ փոխանցած է Ժառանգութեան առաջնորդին` համակարգային փոփոխութիւններ կատարելու նպատակով առաջարկելով ձեւաւորել սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբ` հասարակութեան լայն շերտերու մասնակցութեամբ եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի նախագահութեամբ: Գրաւոր նամակին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմէ պատասխանը եղած է նոյն գրութեան վրայ դրուած խաչը:

Նախագահը նաեւ մանրամասն ներկայացուց իր եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը: Ըստ Սերժ Սարգսեանի, լրագրողներու դուրս գալէն ետք ինք Յովհաննէսեանին հարցուցած է, թէ արդեօ՞ք կը կարծէ, որ յաղթած է ընտրութիւններուն եւ ստացած է բացասական պատասխան: Սակայն Րաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ ըսած է, որ իր խումբի անդամները վստահ են, որ գործող նախագահը նոյնպէս չէ յաղթած:

Սարգսեան չի հրապարակեր ապագայ վարչապետին եւ նոր կառավարութեան կազմը, սակայն ամենայն հաւանականութեամբ, էական փոփոխութիւններ տեղի չեն ունենար անոր մէջ, քանի որ կառավարութիւնը կատարած է դրուած խնդիրը` 7 առ հարիւրի տնտեսական աճի ապահովում եւ աշխատավարձերու բարձրացում` գնաճէն աւելի շատ:

 

Share this Article
CATEGORIES