Յովհաննէսեան Բովանդակային Առաջարկներ Կը Սպասէ Նախագահ Սարգսեանէն

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած բացօթեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ինք բովանդակային առաջարկներ կը սպասէ նախագահ Սերժ Սարգսեանէն:

Արձագանգելով ուրբաթ օրը Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի Ազատութեան հրապարակ տուած այցելութեան եւ իրեն հետ շուրջ 20-վայրկեան տեւած զրոյցին` Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ Աբրահամեանը չի նկատեր իբրեւ միջնորդ եւ ան որեւէ կարգավիճակ չունի իրեն որեւէ առաջարկ կատարելու:

Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Աբրահամեան իրեն ոչ մէկ առաջարկ ներկայացուցած է եւ ներկայ դրութեամբ իր զրուցակիցը Սերժ Սարգսեանն է, որ տակաւին ոչ մէկ առաջարկ ուղարկած է իրեն:

Յովիկ Աբրահամեան Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ իշխանութիւնները պատրաստ են փոխզիջումներ կատարելու, սակայն այդ փոխզիջումները պէտք է ողջամիտ ըլլան: Միաժամանակ, ան անընդունելի նկատած էր նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլի կամ խորհրդարանը լուծարելու մասին առաջարկները: Աբրահամեան անընդունելի վերջնագիր նկատած էր Րաֆֆի Յովհաննէսեանի «Սերժ Սարգսեան երդում պիտի կատարէ իմ դիակիս վրայով» արտայայտութիւնը:

«Էապէս համաձայն չեմ անոր հետ, որովհետեւ ինք գնահատական տուաւ բովանդակային լուծումներուն մասին, որոնք արդէն մերժուած են նախագահին կողմէ եւ ինք նաեւ գնահատական տուաւ այս վճռորոշ, վերջնական հանգրուանին, իմ հաց չուտելուս մասին` իբրեւ վերջնագիր: Ես վերջին անգամ պիտի ըսեմ. ատիկա վերջնագիր է ոչ մէկուն ուղղուած, բացի` ինձմէ», յայտնեց Յովհաննէսեան:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումին, որ Սերժ Սարգսեանի ո՞ր առաջարկները իրեն համար կրնան ընդունելի ըլլալ, նախագահի նախկին թեկնածուն յայտնեց, որ անոնք պէտք է ըլլան համապետական նշանակութիւն ունեցող լուծումներ: Ըստ Յովհաննէսեանի, ատիկա իր կողմէ կ՛ենթադրէ ռազմավարական նշանակութեան աննախադէպ մէկ քայլ առաջ:

Ինչ կը վերաբերի ստուերային կառավարութիւն ձեւաւորելու` Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարի աջակիցներու առաջարկներուն, Րաֆֆի Յովհաննէսեան նշեց, որ ինք պատրաստ է լսելու քաղաքացիական բաց խորհուրդի բոլոր առաջարկները, որոնցմէ ետք գնահատականներ կու տայ:

Յայտնենք, որ Փաշինեան նախանցեալ օր Ազատութեան հրապարակին վրայ հրապարակեց կարգ մը մարդոց անուններ, որոնք կրնան մաս կազմել «Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած նախագահի» կառավարութեան:

Յովհաննէսեան շեշտեց, որ իրեն համար ոչ թէ ստուերային, այլ` լուսաւոր կառավարութեան գաղափարը ընդունելի է, որովհետեւ ժողովուրդը արդէն յաղթած է:

Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը տակաւին վերատեսութեան չ՛ենթարկեր իր անդամակցութիւնը Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան, որուն ղեկավար Ուիլֆրիտ Մարթենսի դիրքորոշումը 18 փետրուարի նախագահական ընտրութիւններուն առնչութեամբ խիստ վրդովեցուցած էր Րաֆֆի Յովհաննէսեանը:

Նշենք, որ Մարթենս հսկայական յառաջընթաց կը տեսնէ Հայաստանի նախագահի ընտրութիւններուն մէջ եւ չի նկատեր, որ անոնք կեղծուած են, ինչպէս նաեւ իրականութիւն կը նկատէ, որ ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանի ձայներուն մեծամասնութիւնը ստացած է գործող նախագահը, որուն շնորհաւորած է ընտրութիւններէն երկու օր ետք:

Ինչ կը վերաբերի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն, Յովհաննէսեան տեղեկացուց, որ Ժառանութիւն կուսակցութեան ցուցակը պիտի ներկայացուի ուրբաթ օր:րկաներուն բազմաթիւ հարցումներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES