50 Տարի Առաջ (20 Մարտ 1963)

Հայ Կեանք

Հայաստան

Երեւանը Պէտք Է Բարեզարդուի

Մայրաքաղաքին բարեզարդման խնդիրը օրակարգի վրայ ունեցած է, վերջերս, Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութիւնը:

Ժողովականները, բոլորն ալ` ծանօթ գրագէտներ, կարգ մը դիտողութիւններ ըրած են: Արդիական քաղաքի մը պահանջները չի լրացներ, քաղաքին ճիշդ կեդրոնը դեռ կը գտնուին խարխուլ տնակներ, նեղ, անանցանելի փողոցներ: Մայրաքաղաքը աղքատ է մարզարաններով. միւս կողմէ` անկանոն ու անբաւարար է հանրային փոխադրութիւնը եւ վերջապէս, «Ճարտարապետութեան մէջ կը նկատուի միօրինակութիւն, գորշութիւն»:

Քննադատութիւնները տեղին ու ճիշդ գտած է նիստին հրաւիրուած Երեւան քաղաքի խորհուրդին գործադիր կոմիտէին նախագահը` Գ. Հասրաթեան, որ այս առթիւ խօսած է ձեռք առնուելիք միջոցներու մասին: Ներկայացուած է նաեւ քաղաքը բարեզարդելու նոր ծրագիրը:

Մսավաճառները Կը Խարդախեն

«Բնակչութեան իրաւացի դժգոհութիւնը յառաջացնող խաբելու եւ սխալ հաշուելու փաստերը» նկատի առնելով` վերահսկիչ կոմիտէն որոշած է «վճռական միջոցներ ձեռք առնել» միսի առեւտուր կանոնաւոր հիմերու վրայ դնելու համար:

Արդարեւ, պետական հսկիչները եւ «Սովետական Հայաստան» թերթին թղթակիցները միասնաբար քննութիւն մը կատարած են, վերջերս, Երեւանի միսի խանութներուն մէջ, եւ` տեսած, թէ մսագործներուն մեծ մասը առաջին կարգի միսին կը խառնեն երկրորդ կարգի միսեր եւ կամ, կը չարաշահեն գիներուն եւ կշիռքին վրայ:

Արեւէն «Քափրոն»

Կիրովականի քիմիագործներուն յամառ փորձերը պսակուեցան յաջողութեամբ: Լուծուեցաւ արեւէն քափրոն ստանալու հարցը:

Մօտ տասը տարի է հայ գիտնականներ փորձեր կը կատարէին արեւի լոյսէն նկարի համագրման եղանակով, քափրոնի աժան հումք` քափրոլաքտամ ստանալու համար:

«Գանգլերոն»-ի Արտադրութիւնը

Հայաստան հայրենիքն է «գանգլերոն» նոր դեղին, որ պատրաստուած է Նուրբ Օրկանական քիմիայի հիմնարկութեան կողմէ: Այս արժէքաւոր դեղը պիտի գործածուի կրծքահեղձուկը բուժելու համար:

Հայերը Պիրմանիոյ Մէջ

Միջնադարեան շրջանին հայերէ շատերը բնակութիւն հաստատեցին արեւելեան երկիրներու մէջ: 16-րդ եւ 17-րդ դարերու սկիզբը հայ գաղթականներ մուտք գործեցին Հնդկաստանի ու Պիրմանիոյ նման հեռաւոր երկիրներ:

Հնդկական Ագրա քաղաքը հաստատուեցան հայկական գաղութի վաճառականները, որոնք յաճախ առեւտրական նպատակներով Պիրմանիա կ՛այցելէին:

Առաջին հայ գաղթականները Պիրմանիոյ մէջ հաստատուեցան 1612 թուականին եւ կառուցեցին հոն իրենց եկեղեցին:

Այնուհետեւ անոնք բնակութիւն հաստատեցին երկրին մեծագոյն քաղաքներուն եւ նաւահանգիստներուն մէջ:

18-րդ դարու սկիզբը Սիրիամի հայկական գաղութն ալ բաւական մարդաշատ եղաւ եւ ունեցաւ իր եկեղեցին:

1804-ին Ռանկունի մէջ մէկ քանի տասնեակ հայ ընտանիքներ կ՛ապրէին:

Հայկական համայնքը իր բնակչութեան փոքր թիւով թէեւ աչքի չէր զարներ եւ սակայն հասարակական ու տնտեսական կեանքի մէջ առաջնակարգ դեր ունեցաւ:

Հայերը իբրեւ եւրոպական եւ արեւելեան լեզուներ գիտցող կիրթ եւ ձեռներէց մարդիկ` գնահատուած էին տեղացիներու կողմէ, եւ նաւահանգիստի մէջ բարձրաստիճան եւ վարչական պաշտօններ կը յանձնուէր անոնց:

Հայերէ շատեր հասած էին ամենաբարձր պաշտօններուն եւ նոյնիսկ եւրոպացիներու հետ կատարուող բոլոր գործառնութիւնները հայերու միջնորդութեամբ կը կատարուէին: Այսպէս, օրինակ, ակաու-վունը նահանգապետի անմիջական օգնականը եւ հարկահաւաքը եւ երկրին մէջ ապրող եւրոպացիներուն վարիչը յաճախ հայերէ կ՛ընտրուէր:

Սարոյեանի Նոր Գործը

Ուիլիըմ Սարոյեան նոր ինքնատիպ գործ մը հրատարակեց «Սաթըրտէյ իվնինկ փոսթ»-ի մէջ, գրուած` պատանիներու համար: Գործը կը կոչուի «Ես». անյաջող գործ մըն է մեր կարծիքով:

Մարտիկեան Շքանշան Ստացաւ

Յունական կառավարութիւնը շքանշան մը տուաւ Ճորճ Մարտիկեանին: Սան Ֆրանսիսքոյի հիւպատոսը Փոլ թագաւորին անունով այս պատուանշանը յանձնեց Ճորճ Մարտիկեանին: Այս առթիւ շքեղ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Մարտիկեաններու Սան Ֆրանսիսքոյի բնակարանին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES